Content-Length: 145291 | pFad | https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AB%D5%BF%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D6%80

Գիտնականներ — Ուիքիփետիա Jump to content

Գիտնականներ

Գիտնական, որեւէ գիտական բնագաւառի մասնագէտը, որ ունի իրական ներդրում գիտութեան մէջ։ Լայն իմաստով գիտնական հասկացութիւնը կրնայ վերաբերիլ որեւէ մարդու, որ պարբերաբար ինքնուրոյն գիտելիքը կ'աւելցնէ կամ կը մասնակցի այս կամ այն գիտական եւ փիլիսոփայական դպրոցի գործունէութեան կամ աւանդոյթներու պահպանութեան։ Աւելի նեղ իմաստով՝ գիտնականները միայն այն մարդիկն են, որոնք կը կիրառեն գիտական միջոցը։ Գիտնականը կրնայ մասնագէտ ըլլալ մէկ կամ քանի մը գիտական բնագաւառներու մէջ։

Բնութեան մասին առաւել ամբողջական պատկերացում ստանալու համար, գիտնականները կ'իրականացնեն հետազօտութիւններ, այդ կարգին՝ ֆիզիքական, մաթեմատիքական եւ հասարակական բնագաւառներու մէջ։

Այդ է որ զիրենք կը տարբերէ փիլիսոփաներէն, որոնք իրականութեան մէջ աներեւոյթ յատկութիւններու խորքային ճանաչողութեան համար տրամաբանութիւն կը կիրառեն, կորսնցնելով բնութեան հետ անմիջական կապը՝ կեդրոնանալով ինքնին մտքի ոլորտին վրա։ Գիտնականները տարբեր են նաեւ ճարտարագէտներէն (ինժեներ), որոնք կիրառական նպատակներուն ծառայող սարքաւորումներ կը նախագծեն։ Երբ գիտութիւնը կ'իրականացուի կիրառման նպատակով, կը կոչուի «կիրառական գիտութիւն», սարքաւորման սկզբունքային նախագծումէն յետոյ, գիտութիւնը կ'աւարտի եւ ստացուած նոր սարքաւորումները կ'անցնին ճարտարագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան ոլորտ։

Ներկայ գիտնականի հասարակական դերը կարելի է մասնակիօրէն համապատասխանութեան մէջ դնել 17-րդ դարու բնափիլիսոփաներու հետ, սակայն «գիտնական» արտայայտութիւնը առաւել արդիական է։ Մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը եւ 20-րդ դարու սկիզբը գիտութեան հետազօտողներուն կ'անուանէին «բնափիլիսոփայ» կամ «գիտութեան մարդ»։ Յետ խորհրդային պետութիւններուն մէջ գիտութիւն եւ գիտնական բառերը լիարժէք չեն համապատասխաներ անգլիական science եւ scientist բառերուն, որովհետեւ վերջինները յաճախ կ'օգտագործուին աւելի նեղ իմաստով, սահմանուելով միայն ճշգրիտ գիտութիւններու եւ ճշգրիտ գիտութիւններով զբաղող մարդոցմով։

Մասնաւորապէս, գիտնականներուի օգտագործած գիտական միջոցաբանութիւնը կը ներառէ քաջ յայտնի ստուգուած փաստերու ընդհանրացումը, վերացական գաղափարներու կիրառումը, ենթադրոյթներու ծնումը եւ ստուգումը, տեսութիւններու ստեղծումը՝ որպէս առաւել ընդհանրական մակարդակի փաստերու, գիտական նկարագրութեան զարգացումը՝ սկսած լաւ ուսումնասիրուածէն դէպի անյայտը։

Գիտական որակաւորման յատկանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[խմբագրել | խմբագրել կոդը] Գիտական որակաւորման հիմնական ձեւական յատկանիշ կը հանդիսանայ հեղինակաւոր գիտական պարբերականներու մէջ հետազօտութիւններու նիւթերու տպագրութիւնը եւ հեղինակաւոր գիտաժողովներու զեկոյցները։

Հայաստանի մէջ իրականացուած է ձեւական փորձ հեղինակաւորները այլ պարբերականներէ տարբերակելու համար, կը կազմեն ԲՈՀի «ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿ»ը։ Սակայն նոյնիսկ հեղինակաւոր պարբերակակններու միջեւ գոյութիւն ունի ոչ միարժէք հասկցուող առաջնայնութիւններու համակարգ։ Որպէս կանոն, առաւել առաջնայնութիւն ունին միջազգային պարբերականները եւ գիտաժողովները, միջազգային ճանաչումը նոյնպես առաւել բարձր կը գնահատուի ազգայինէն։ Գիտնականի հեղինակութեան եւ որակաւորման ընդունումը կապուած է մասնագէտներու շրջանակին մէջ իր հեղինակութեամբ։ Յայտնի են գիտնականներու դասակարգումը ըստ յղման ցուցիչի՝ այլ գիտնականներու կողմէ տուեալ գիտնականի աշխատանքներու յղումներու քանակի ցուցանիշի։ Գիտական հանրութեան մէջ բարձր կը գնահատուի դասախօսական աշխատանքը։ Բարձր վարկանիշով ուսումնական հաստատութեան մէջ դասախօսութիւններու մատուցման իրաւունքը գիտնականի բարձր որակաւորման ճանաչման մասին կը խօսի։ Բարձր կը գնահատուի նաեւ գիտական դպրոցի ստեղծումը, այսինքն գիտական ղեկավարի պատկերացումները զարգացնող քանի մը գիտնականի պատրաստումը։

Գիտնականի մասնագիտական գիտութեան պատկանելիութիւնը եւ որակաւորման աստիճանը կրնան ձեւականօրէն որոշուիլ տեղական եւ ազգային յանձնաժողովներով՝ (Ատենախօսութեան պաշտպանութեան խորհուրդ, Որակաւորման յանձնաժողով, ԲՈՀ)։ ԽՍՀՄ-ի եւ Հայաստանի մէջ գիտնականի որակաւորումը ձեւականօրէն կը հաստատուի գիտական աստիճանով (գիտութիւններու թեկնածու կամ գիտութիւններու դոկտոր) եւ գիտական կոչումով (դոցենտ կամ փրոֆեսոր)։ Աստիճանաշնորհումը եւ կոչումներու շնորհումը կը վերահսկէ ԲՈՀ-ը։ Գիտական աստիճանները կը շնորհուին գիտական ուղղութիւններուն համապատասխան, օրինակ՝ ֆիզմաթ գիտութիւններու թեկնածու, պատմական գիտութիւններու թեկնածու եւ այլն։

Գիտական կոչում ստանալու համար անհրաժեշտ է գրել ատենախօսութիւն եւ պաշտպանել զայն համապատասխան մասնագիտացած խորհուրդի մէջ։ Մեծ գիտական ներդրման ժամանակ, բացառութեան կարգով կոչումը կրնայ տրուիլ ատենախօսութեան փոխարէն «կատարուած աշխատանքներու զեկոյց»ով։ Բացառութիւնները տեղի կ'ունենան շատ հազուադէպ, օրինակ, բարձր պաշտօն զբաղեցնող անձերու համար։ Յաջող պաշտպանութեան անհրաժեշտ պայման է գիտական արդիւնքներու տպագրութիւնը եւ փորձարկումը։ Որպէս փորձարկում սովորաբար կը հասկնան գիտաժողովներու մէջ զեկուցելը, քանի որ այդ ձեւաչափը թոյլ կու տայ երկխօսութեամբ քննարկել արդիւնքները եւ համապատասխանաբար ստանալ բաց քննադատութիւն այն պարագային, երբ գիտական հանրութիւնը համաձայն չէ արդիւնքներուն հետ։

Գիտական կոչում ստանալու համար (դոցենտ կամ փրոֆեսոր), բացի գիտական աստիճանէն, կը պահանջուի վարել մանկավարժական աշխատանք, մասնաւորապէս ունենալ ուսումնա-մեթոտական տպագրութիւններ։ Գոյութիւն ունին որակաւորման աւելի մանր ձեւական յատկանիշներ, օրինակ՝ ասպիրանդներու գիտական աշխատանքով ղեկավարման թոյլատուութիւնը կը հանդիսանայ թեկնածուէն դոկտորի անցման անհրաժեշտ քայլ։

Հայաստանի մէջ գիտական հանրութեան կողմէ բարձրագոյն ճանաչման ընդունուած չափորոշիչն է Գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ եւ, այնուհետեւ, ակադեմիկոս ընտրուիլը։

Գիտնականի եւ ճարտարագէտի տարբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[խմբագրել | խմբագրել կոդը] Յաճախ գիտնականները կը շփոթեն ճարտարագէտներու (ինժեներ) հետ։ Վերջիններս աւելի մօտ են կիրառական գիտութեան։ Գիտնականները կը հետազօտեն բնութիւնը՝ իր հիմնական սկզբունքներու բացայայտման նպատակով, մինչ ճարտարագէտները կը կիրառեն գիտութեան յայտնի սկզբունքները թեքնիք խնդիրներու տնտեսական լուծումներ մշակելու համար։ Գիտութիւնը կը հիմնուի դիտուող փաստերու եւ ստուգելի ճշմարտութիւններու վրայ, որոնք ընդհանրացուած են կանոնակարգուած համակարգերու տեսքով. այդ մշակուած համակարգերը կրնան փոխանցուիլ եւ հաստատուիլ այլ մարդոց կողմէ։ Ճարտարագիտութիւնը գիտական սկզբունքներու ճարտար եւ ստեղծագործ կիրառութիւնն է, որ թոյլ կու տայ լուծել մեր հետեւեալ առօրեայ խնդիրները՝ նախագծում, ստեղծում, կառավարում, շահագործում, համակարգերու ղեկավարում կամ աշխատանք։ Հակիրճ՝ գիտնականները կը հետազօտեն, իսկ ճարտարագէտները՝ կը կառուցեն։ Այդուհանդերձ, գոյութիւն ունին բազմաթիւ օրինակներ, երբ նոյն մարդը երկու ոլորտներուն մէջ զգալի յաջողութիւններու հասած է։ Գիտնական-փորձարարները յաճախ կը լուծեն ճարտարագիտական խնդիրներ՝ կառուցելով փորձնական մոտելներ եւ սարքաւորումներ, իսկ որոշ ճարտարագէտներ կը կատարեն բարձրակարգ գիտական հետազօտութիւններ։ Մեքանիքի, Էլեկտրոնիքի, քիմիայի եւ օդատիեզերական հետազօտութիւններու մէջ, նոր երեւոյթներու եւ նիւթերու հետ աշխատելով, ճարտարագէտները յաճախ կը յայտնուին գիտութեան առաջին գիծին վրայ։ Պետրուս Տեպայը մինչ քիմիայէն Նոպէլեան մրցանակի ստացումը միաժամանակ ե՛ւ երեւելի ճարտարագէտ էր, ե՛ւ ունէր ֆիզիքոսի գիտական աստիճան։ Փոլ Տիրաքը քուանդային մեքանիկի հիմնադիրներէն է, որ նոյնպէս սկսած է իր ասպարէզը որպէս ճարտարագէտ, որմէ ետք դարձաւ մաթեմաթիկոս եւ ֆիզիկոս-տեսաբան։ Քլոտ Շենոնը ճարտարագէտ-տեսաբան էր, որ հիմնադրած է ժամանակակից մաթեմաթիքական տեսութիւնը՝ տեղեկատուութեան տեսութիւնը։ Հայաստանի գիտական հաստատութիւններուն մէջ ճարտարագէտ յաճախ կ'անուանեն լապորանդները կամ այլ առընթեր օգնական անձնակազմը[1]։

Գիտնականները այն մարդերն են, որոնք կ'ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող աշխարհը եւ կը փորձեն զայն հասկնալ։

Քիմիագէտները փորձարկումներ կը կատարեն՝ երեւան հանելու համար, թէ ինչ նիւթերէ կը բաղկանան մեզ շրջապատող իրերը։

Աստղաբաշխները կ'ուսումնասիրեն տիեզերքի աստղերն ու մոլորակները։

Երկրաբանները կ'ուսումնասիրեն աշխարհի ընդերքին մէջ գտնուող ժայռերն ու մետաղները, ինչպէս նաեւ երկրաշարժներու եւ հրաբուխներու պատճառները։

Բուսաբանները կ'ուսումնասիրեն բուսական աշխարհը, թէ ինչպէս կ'ապրին ու կը բազմանան բոյսերը։

Օդերեւութաբաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օդերեւութաբանները կ'ուսումնասիրեն հովն ու ամպերը՝ նախատեսել կարենալու համար յառաջիկայ օրերու եղանակը։

Կենսաբանները կ'ուսումնասիրեն մարդկային մարմինը, բոյսերն ու անասունները։ Կենդանաբանները, բուսաբաններն ու բժիշկները զանազան տեսակի կենսաբաններն են։

Կենդանաբանները կ'ուսումնասիրեն անասունները եւ անոնց ապրելակերպը։

Բնագէտները կ'ուսումնասիրեն մեզ շրջապատող կարգ մը երեւոյթներ, ինչպէս՝ լոյսը, ձայնը, ջերմութիւնը, ուժերն ու անոնց յառաջացուցած շարժումները։

Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 4-5

  1. (հայերեն) Գիտնական, 2024-03-02, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AB%D5%BF%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6, վերցված է 2024-10-10 








ApplySandwichStrip

pFad - (p)hone/(F)rame/(a)nonymizer/(d)eclutterfier!      Saves Data!


--- a PPN by Garber Painting Akron. With Image Size Reduction included!

Fetched URL: https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%AB%D5%BF%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D6%80

Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy