Content-Length: 116661 | pFad | https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D5%94%D6%80%D5%B8%D5%B6%D5%B8%D5%BD

Քրոնոս — Ուիքիփետիա Jump to content

Քրոնոս

Քրոնոս
հին յուն․՝ Κρόνος
Տիտան Քրոնոս
Ամուսին Ռէա տիտանուհի
Ծնողներ Ուրանոս եւ Եէա
Երեխաներ աստուծուհիներ՝ Էսթիա, Տիմիթրա, Ւրա, Փլութոնաս եւ Զեւս

Քրոնոս (յուն․՝ Κρόνος)․ տիտաններուն առաջնորդն ու Ուրանոսին եւ Եէային աստուածածին առաջին սերունդէն ամենէն երիտասարդը։ Յաղթեց իր հայրինէ Ուրանոսին եւ կառավարեց դիցաբանական «ոսկեդարին» ընթացքին, մինչեւ որ զաւակէն՝ Զեւսէն պարտուեցաւ։

Տիտաններէն ամենէն փոքրն էր սակայն ամենէն խորամանկն ու փառասէրը։ Մօրը՝ Եէային օգնութեամբ հայրին կը տապալէ եւ վախնալով թէ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենայ, զաւակները կը կլլէր։

Իր կինն ու քոյրը՝ Ռէա, կը պահէ իրենց վերջին զաւակը՝ Զեւս, իսկ կլլելու համար անոր կու տայ ուռած քար մը։

Տիաս երբ կը մեծնայ, Քրոնոսին կը թունաւորէ եւ կ՛ազատէ մնացեալ եղբայրները։ Կը յաջորդէ Տիտաններուն եւ Ողիմպոսի աստուածներուն միջեւ պատերազմը՝ Տիտանոմախիա, որ 10 տարի կը տեւէ։ Քրոնոս եւ իր դաշնակից տիտանները կը պարտուին եւ Թարթարա կը բանտարկուին։

«Ոսկեդարին» ընթացքին Քրոնոս կը պաշտուէր որպէս բարեբերութեան եւ հասկաքաղի, պտղաքաղի աստուած։ Ան նաեւ կը հսկէր մարդոց զարգացումին վրայ։ Կը պատկերուի ընդհանրապէս մանգաղով մը, զոր կը գործածէր հասկաքաղի համար, ինչպէս նաեւ որպէս զէնք, որ գործածեց ներքինացնելու եւ տապալելու Ուրանոսը։

Իր անունով կոչուած է Քրոնիա տօնը։ Կը տօնուէր Աթէնքին մէջ Էքաթոմվէոն ամսուան տասներկրորդ օրը, ինչպէս նաեւ հին Օլիմպիայի մէջ։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]








ApplySandwichStrip

pFad - (p)hone/(F)rame/(a)nonymizer/(d)eclutterfier!      Saves Data!


--- a PPN by Garber Painting Akron. With Image Size Reduction included!

Fetched URL: https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D5%94%D6%80%D5%B8%D5%B6%D5%B8%D5%BD

Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy