Content-Length: 220635 | pFad | https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D5%86%D5%AB%D5%BF%D5%A8%D6%80%D5%AC%D5%A5%D5%B6%D5%BF

Նիտըրլենտ — Ուիքիփետիա Jump to content

Նիտըրլենտ

Նիտըրլենտի Քարտէսը՝ 1593-ին

Նիտըրլենտ (հոլ.՝ Nederland), երկիր Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, Հիւսիսային ծովու ափին։ Արուպայի եւ Կեդրոնական Ամերիկայի հետ միասին կը մտնէ Նիտըրլենտի Թագաւորութեան կազմին մէջ[1]։

2020-ին երկիրը կը հրաժարի ոչ պաշտօնական «Հոլանտա» անուանումէն։

Հարաւէն սահմանակից է Պելճիքայի, իսկ արեւելքէն՝ Գերմանիոյ. արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ամբողջովին եզերուած է Հիւսիսային ծովով։ Նիտըրլենտսի կազմին մէջ կը մտնեն Մաասի եւ Շելտայի գետաբերանին մօտակայքը գտնուող կղզիներու խումբը (Զիլանտ մարզին մէջ) եւ Վաթենեան ծովուն մէջ գտնուող արեւմտա-ֆրիզեան կղզիները։

Տարածքին զգալի մասը կը գտնուի ծովու մակերեսէն ցած (հոսկէ ալ Նիտըրլենտ՝ «ցած երկիրներ» անունը)։ Հեղեղումներէն կը պաշտպանուի ծովափով երկարող աւազաթումբերու, ամբարտակներու եւ պատնէշներու համակարգով։ Ընդհանուր տարածութիւնը 41,2 հզ. քմ² է, իսկ զուտ ցամաքային տարածութիւնը՝ 36,9 հզ. քմ² (մակերեսին 18 %-էն աւելին կը կազմեն ներքին ջուրերը)։ Աւելի քան 16,5 միլիոն բնակչութեամբ՝ աշխարհի ամենախիտ բնակուած երկիրներէն մէկն է (397,7 մարդ/քմ²)։

Նիտըրլենտ սահմանադրական-խորհրդարանական միապետութիւն է, ուր իշխանութիւնը բաժնուած է նախարարներուն, խորհրդարանին եւ թագաւորին միջեւ։ Նիտըրլենտ Եւրամիութեան, ՆԱՏՕ-ի եւ Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան համահիմնադիր-անդամներէն է։ Պելճիքայի եւԼիւքսամպուրկի հետ, մաս կը կազմէ Պենիլիւքսի միութեան։

Մայրաքաղաքը եւ մեծագոյն քաղաքը Ամսթերտամն է։ Թագաւորական տան, խորհրդարանի եւ պետութեան նստավայրերը կը գտնուին Հաագայի մէջ: Վերջինս կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ միջազգային իրաւունքի ոլորտին մէջ՝ իբրեւ չորս միջազգային դատական ատեաններու եւ Եւրոպոլի նստավայր։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիտըրլենտի բնորոշ են ցած հարթավայրերը։ Կը գերակշռոեն մշակուող հողատարածքները եւ պահպանուող բնատարածքները։ Մակերեսին միայն 2 %-ն ունի 50 մ-էն աւելի բարձրութիւն։ Հեղեղումներէն պաշտպանուելու համար կառուցուած են բազմաթիւ ամբարտակներ եւ պատնէշներ։ Ծովապատնէշով փակուած են Զիլանտ մարզին ծովախորշերը եւ Այսելմիեր լիճը։ Նիտըրլենտի ցամաքային մակերեսին զգալի մասը կը կազմեն նախկին ջրային տարածութիւնները, որոնք ամբարտակներով փակուած ու չորցուած են, վերածուելով մշակուող բերրի հողատարածքներու։

Նիտըրլենտի արեւելքը տարածուած են բլրապատ դաշտավայրեր, կեդրոնական մասին մէջ տեղ-տեղ պահպանուած են սառցադաշտային թումբեր, իսկ հարաւը՝ կրաքարով ծածկուած են հին գետային դարաւանդները։ Նիտըրլենտի հիւսիսային մասը կազմուած է «Պլեյստոցենի» աւազակաւային, ծովային եւ գետային, արեւելքը՝ սառցադաշտային եւ ջրասառցադաշտային, Հռենոսի, Մաասի եւ Շելտայի «Տելթա»ն՝ կուտակումային նստուածքներէն, իսկ հարաւ- արեւելքը՝ կրաքարերէ, կաւերէ եւ կաւիճէ։

Հողմաղացները բնորոշ են հոլանտական բնապատկերներուն Ֆեյրսը լիճ (Զիլանտ) Ագարակ Խոյ գիւղակին մէջ (Ուտրեխտի մարզ) Ամսթերտամի ջրանցքներէն մէկը Էյս գիւղ, Լիմպուրխի մարզ

Գետերը ջրառատ են, նաւարկելի եւ միացած՝ ջրանցքներով։ Ամենամեծ գետը Հռենոսն է (հոլանտերէն՝ Ռայն), որմով երկու անգամ աւելի շատ ջուր կը ներհոսի Նիտըրլենտ, քան տարեկան տեղումներու ընդհանուր քանակը։ Այլ մեծ գետեր են Մաասը եւ Շելտան։ Նիտըրլենտի մէջ կառուցուած են մեծ թիւով ջրանցքներ: Գրեթէ բոլոր գետերը նաւարկելի են։ Ամսթերտամ, Լայտեն եւ Ուտրեխտ քաղաքները նշանաւոր են իրենց ջրանցքներու համակարգով։

Քաղցրահամ լիճերը, որոնց մեծ մասը կը գտնուի երկիրին արեւմտեան մասին մէջ եւ Ֆրիզլենտ մարզին մէջ, ունին բուժիչ յատկութիւններ։ Խմելու համար կ'օգտագործուին ստորգետնեայ ջուրի պաշարները։ Ջրային բարիքներու պահպանումով եւ վերահսկողութեամբ կը զբաղի Երթեւեկութեան եւ ջրային տնտեսութեան նախարարութիւնը։

Նիտըրլենտ տեղակայուած է Եւրոպայի Մերձատլանտեան բարեխառն վայրէջքներուն մէջ: Երկիրին տարածքին՝ բարձրադիր վայրերու կամ լեռներու փոքր չափերու բացակայութեան պատճառով, կլիմայական տարբերութիւններ գրեթէ չկան։ Նիտըրլենտի կլիմային վրայ իւրայատուկ ազդեցութիւն կը ձգեն Ատլանտիկական մրրիկները։ Եղանակը շատ շուտ կը փոխուի, սակայն հիմնականին մէջ կը գերիշխէ ամպամած, խիտ ամպերով եւ մառախուղով պատուած եղանակը։ Ամբողջ տարուան ընթացքին հազուադէպ են արեւոտ օրերը։

Նիտըրլենտի մէջ ձմեռը օդին միջին ջերմաստիճանը կը հասնի 2 °C-ի, որ տեղի կ'ունենայ շնորհիւ գերակշռող արեւմտեան ամպերուն, որոնք կը փչեն Հիւսիսային ծովէն։ Ձմրան ձիւնի տեղումները հազուադէպ են, իսկ մնացեալ բոլոր տեղումները անձրեւային են։ Արեւելքէն փչող ցրտաշունչ քամիները կրնան իրենց հետ բերել սառնամանիքներ եւ Ռայնի հոսքն ի վար՝ սառցակալումներ։ Ամրան ընթացքին զով եղանակին կը յաջորդեն տաք օրերը։

Յուլիսին օդին միջին ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ 16 °C-ի։ Օգոստոսէն Հոկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին մէջ կ'արձանագրուին տեղումներու ամենաշատ քանակը։ Նիտըրլենտի կլիման բարենպաստ է հացահատիկային եւ պտղատու բոյսերու աճեցման համար՝ վաղ Գարունէն մինչեւ ուշ Աշուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հոլանտերէն Ուիքիփետիայի Nederland յօդուած
  2. ՀՍՀ, Նիտըրլենտական արուեստ, Նիտըրլենտական գրականութիւն, Նիտըրլենտներ յօդուածներ, հատոր 18, էջ 276-288: Երեւան 1982}}
  1. Նիտըրլենտ








ApplySandwichStrip

pFad - (p)hone/(F)rame/(a)nonymizer/(d)eclutterfier!      Saves Data!


--- a PPN by Garber Painting Akron. With Image Size Reduction included!

Fetched URL: https://hyw.wikipedia.org/wiki/%D5%86%D5%AB%D5%BF%D5%A8%D6%80%D5%AC%D5%A5%D5%B6%D5%BF

Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy