Jump to content

Ճշմարտութիւն

03:28, 20 Նոյեմբեր 2020ի տարբերակ, Vilho-Veli (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Ժամանակը կ'ազատէ ճշմարտութիւնը կեղծիքէն եւ նախանցէն:

Ճշմարտութիւնը նիւթի կողմէ իրականութեան համապատասխան արտացոլումն է[1]: Ճշմարտութիւնը իրականութեան այնպիսի վերարտադրումն է, ինչպիսին այն կայ` գիտակցութենէն դուրս եւ անկէ անկախ[2]: Ճշմարտութեան չափանիշները կը դիտարկուին ճանաչողութեան տեսութեան շրջանակներուն մէջ։ Փիլիսոփայութեան այն բաժինն է, որ կ'ուսումնասիրէ ճանաչողական գործունէութեան ընթացքին նիւթին եւ առարկային փոխյարաբերութիւնները, գիտելիքի եւ իրականութեան յարաբերակցութիւնը, մարդու կողմէ աշխարհի ճանաչման հնարաւորութիւնները, ճշմարտութեան չափանիշներն ու գիտելիքի հաւաստիութիւնը[3]:

Իտէալիստական փիլիսոփայութեան համակարգերուն մէջ ճշմարտութիւնը համարուած է իտէալական առարկաներու յաւէրժ ու անփոփոխ յատկութիւն /Պղատոն/, բանականութեան բնածին յատկանիշ /Տեքարդ/ կամ մտքի ապրիորի ձեւ /Քանթ/: Ըստ տրամաբանական ըմբռնման` ճշմարտութիւնը գիտելիքներու ծաւալուն գործընթացքն է /Հեկել/: Իսկ ձեռներիցութիւնը ճշմարիտ կը համարէ այն գիտելիքը, որ գործնականօրէն կիրառելի է եւ կ'ապահովէ յաջողութիւն[4]:

Փիլիսոփայութեան շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի այնպիսի բաժամունք, ինչպէս է առարկայական ճշմարտութիւնը, ինչ որ մարդոց եւ մարդկութենէն անկախ գիտելիքի բովանդակութիւնն է։ Կայ նաեւ բացարձակ եւ յարաբերական ճշմարտութիւն, ինչ որ տրամաբանական նիւթապաշտութեան բաժամունք է։

Ճշմարտութիւն բառը կ'օգտագործուի նաեւ ձեւական տրամաբանութեան մէջ։ Գոյութիւն ունի «տրամաբանական ճշմարտութիւն», որ կը հակադրէ փաստական ճշմարտութեանը։ Տրամաբանութեան մէջ ասոյթը կը համարուի ճշմարիտ, եթէ անոր ձեւը կը համինայ կամ որոշ թոյլատրելի գործողութիւններէ ետք կրնայ համինալ տրամաբանական օրէնքի հետ[5][6]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy