Եոհան Սեպասթիան Պախ (գերմաներէն՝ Jóhann Sebástian Bach, 21 Մարտ, 1685 կամ 31 Մարտ, 1685, Այզէնախ, (Գերմանիա) - 28 Յուլիս, 1750, Լայփզիք, (Գերմանիա)։ Գերմանացի երգեհոնահար եւ ջութակահար։ Պախը դասական երաժշտութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն երգահաններէն մէկն է: Կեանքի ընթացքին գրած է 1000-էն աւելի ստեղծագործութիւններ։
Պախի մահէն յետոյ անոր երաժշտութիւնը գրեթէ մոռցուած էր, սակայն 19-րդ դարուն ռոմանթիկ երգահաններու, մասնաւորապէս՝ Ֆելիքս Մենտըլսընի կողմէ վերայայտնուեցաւ եւ այսօր իր երաժշտութիւնը եւ կարողութիւնը կը նկատուի աշխարհի լաւագոյններէն մէկը[8]:
Պախի կենսագրութիւնը պայմանականօրէն կը բաժնուի երեք շրջանի, առաջին՝ ուսման տարիներ (1695-1700 թուականներուն՝ Օրտրուֆի մէջ, 1700-1703 թուականներուն՝ Լիւնեպուրկի մէջ եւ 1723-1750 թուականներուն՝ որպէս խմբավար եւ ուսուցիչ)։
Պախը Թիւրինգիայի Պախերու ընտանիքէն է, որ 16-18-րդ դարերու ընթացքին ունեցած է երաժիշտներու սերունդ։ Ծնած է երաժիշտի ընտանիքի մը մէջ: Անոր հայրն է՝ Ամպրոզիոս Պախը։ Երբ Եոհան Սեպասթիան Պախը 9 տարեկան էր, մահացաւ մայրը, իսկ մէկ տարի ետք՝ հայրը։ 15 տարեկան հասակին, Պախը տեղափոխուեցաւ Լիւնեպուրկ, ուր 1700-1703 թուականներուն սորվեցաւ Սուրբ Միքայէլ ձայնամարզութեան դպրոցին մէջ։ Ուսման ընթացքին այցելած է այն ժամանակուայ Գերմանիոյ ամէնամեծ քաղաքը՝ Համպըրկը, ուր ան հնարաւորութիւն ունեցած է ծանօթանալու իր ժամանակի երաժիշտներու աշխատանքներուն։
Օժտուածութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ, արդէն վաղ հասակին ան սկսած է նուագել երգեհոն եւ ջութակ: Ուսումնասիրած է եւրոպական երաժշտական արուեստի տարբեր ոճեր։ Երկրորդ շրջանը (1703-1723) իր ստեղծագործական հասուն տարիներն են։ 1703-ին որպէս պալատական ջութակահար, աշխատած է Վայմարին, իսկ 1703-1707-ին՝ երգեհոնահար Առնշտադին մէջ։ 15 տարի Վայմարի մէջ (1708-1717) եւ Կէօտենի մէջ (1717-1723) աշխատելէն յետոյ, եղած է պալատական երաժիշտ: Ստեղծած է երգեհոնի եւ ձայնական բազմաթիւ երկեր։
Երրորդ շրջանը (1723-1750) անոր ստեղծագործութեան պտղաւոր տարիներն են․ որպէս խմբավար եւ ուսուցիչ, աշխատած է Լայպցիկի Ս․ Թովմաս եկեղեցւոյ եւ անոր դպրոցին մէջ, նոյն ժամանակ ղեկավարած է ուսանողական «Երաժշտական խումբը»: Այդ շրջանին ստեղծուած էին Պախի ամէնալաւ եւ կարեւոր երկերը։
Պախի արուեստը մարդկային մշակոյթի գագաթներէն է։ Հիմքով ժողովրդային ու ազգային բնոյթով են անոր ստեղծագործութիւնները եւ այդ ժամանակի եւրոպական երաժշտական մշակոյթի հանճարները ընդլայնած են եւ նոր շրջան բացած են երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Այդ արուեստին մէջ լիակատար ծաղկած եւ կատարելապէս միաւորուած են երկու տարբեր բաներ՝ պոլիֆոնիայի տիրապետութեան եւ ձայնական զարգացման դարաշրջաններու երաժշտական ոճերը։ Ըստ Պէթհովենի, «Պախը ձայնական մեղեդիներուն նախահայրն է:»
Պախի երկերուն մէջ վիպական, տրամադիկական ու քնարական կերպարները միաւորուած են բացառիկ տրամաբանուած ու գեղեցիկ երաժշտական ձեւերով, որոնց կ'իշխէ բարոյական մաքրութիւնն ու վեհ բանաստեղծականութիւնը։
Պախի ստեղծագործական ժառանգութիւնը չափազանց մեծ է։ Ան գրած է տարբեր ժանրերու հազարէն աւելի երկեր (բացառութեամբ օփերաներու)։
Նշանաւոր է նաեւ Պախի գործիքային երաժշտութիւնը: Ան ունի երգեհոնի մօտ 250 ստեղծագործութիւն, որոնք երգեհոնային երաժշտութեան զարգացման գագաթնակէտն են, 220-է աւելի ստեղծագործութիւն՝ գրուած կլաւեսինի համար, որոնց միջոցով Պախը հաստատեց այդ գործիքին ինքնուրոյն արժէքը։
Երաժշտութեան պատմութեան մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի ջութակի (սոնատներ, պարտիաներ) եւ թաւջութակի մենանուագի համար գրուած ստեղծագործութիւնները։ Նուագախմբային երաժշտութեան պատմութեան մէջ կ'առանձնանան նաեւ վեց «Պրանպէնպուրկեան համերգները» (տարբեր նուագախումբերու կազմերու եւ մենանուագ գործիքներու համար) եւ պարային ձեւերու վրայ հիմնուած նուագախմբային չորս թաւջութակերը («Նախերգանքները»)։ Լայփցիկի մէջ, 1950 թուականէն սկսեալ, չորս տարին անգամ մը տեղի կ'ունենայ Պախի անուան միջազգային մրցոյթը։
Պախի բազմազան ու խոր ժառանգութեան վեհութիւնը գնահատելով՝ Պէթհովենը գրած է՝ «Nicht Bach! - Meer solte er heiften» - «Ոչ թէ Առուակ, այլ Ծո՜վ պէտք է ըլլար անոր անունը»:
1749 թուականինՅունուարին Պախի դուստր՝ Ելիզավետ Յուլիանա Ֆրեդերիկան կ'ամուսնանայ իր աշակերտ Յոհան Քրիստոֆ Ալթնիկոլի հետ։ Սակայն այդ ժամանակ Պախի առողջությունը օրէ օր կը վատանար։ Յունիս 2-ին Հենրիխ ֆոն Պրուլը կը գրէ Լայպցիգի պուրգոմայստերներուն եւ կը խնդր անոնց երաժշտական ղեկավար Յոհան Գոթլոբ Հարրերին՝ լրացնել Թոմասկանտորի պաշտօնը՝ պայմանաւորուած «պարոն Պախի մահուան հետ»։ Կուրնալէն ետք Պախը ենթարկուեցաւ աչքի վիրահատութեան, բրիտանացի ակնաբոյժ Ճոն Թեյլըրի կողմէ, Մարտին եւ ապա՝ Ապրիլին, 1750 թուականին[9]:
28 Յուլիս, 1750 թուականին, Պախ մահացաւ[10] անյաջող բուժման հետևանքով առաջացած բարդութիւններու պատճառով։ Թերթեր այս մահը յայտարարեցին, գրելով՝ «Տխուր հետեւանքները անյաջող աչքի գործողութեան:»[11][12]:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։