Jump to content

Թթուածին

Թթուածին (լատ.՝ Oxygenium), կարգահամարը՝ 8, հիւլէական զանգուածը՝ 15.9994։ Սովորական պայմաններուն (0 °C, 760 մմ սնդիկի սիւն) թթուածինը անգոյն, անհոտ եւ անհամ կազ մըն է։

Թթվածինը ամենատարածուած քիմիական տարրն է Երկրին վրայ։ Կապուած թթուածինը կը կազմէ Երկրի ջրային շերտի զանգուածի 6/7 մասը (85,82 % ըստ զանգուածի), մթնոլորտին մէջ, ուրտեղ ան կը գտնուէ ազատ վիճակին, պարունակութեամբ երկրորդն է (23,15 % ըստ զանգուածի) բորակածինէն յետոյ։ Օդին մէջ փոփոխութիւնը 0,1 % -էն չ'անցնիր։ Մթնոլորտին մէջ թթուածինի օքսիտացման, այրման, նեխման եւ շնչառութեան պատճառաւ կորուստը կը լրացուի ֆոթոսինթէզով։ Թթուածինը առաջին տեղը կը գրաւէ իր յառաջացուցած նիւթերու թիւով (1364), որոնց մէջ թթուածինի պարունակութեամբ կը գերակշռեն սիլիկատները, քուարզը, երկաթի օքսիտները, քարպոնաթները եւ սուլֆաթները։

Թթուածինը կը մտնէ բոլոր այն նիւթերու բաղադրութեան մէջ, որոնցմէ կազմուած են կենդանի օրկանիզմները, զորօրինակ, մարդուն օրկանիզմը կը պարունակէ մօտաւորապէս 65 % թթուածին։ Ունի երեք կայուն իզոթոփ՝ Օ16 (99,75 %), Օ17 (0,037 %) եւ Օ18 (0,204 %)։ Արհեստականօրէն 14, 15 եւ 19 զանգուածի թիւերով ռատիոաշխոյժ իզոթոփներ։ Թթուածինի բոլոր իզոթոփներու միջուկները կազմուած են 8 պրոտոնէ եւ համապատասխանաբար 6, 7, 8, 9, 10 եւ 11 նէյտրոնէ, իսկ ելեկդրոնային թաղանթը՝ երկու ներքին եւ վեց արտաքին ելեկդրոններէ։

Կ'երևի երկու ալոտրոպ ձեւափոխութիւններու տեսքով՝ թթուածին (O2) եւ օզոն (O3

Առաջին անգամ իրարմէ անկախ թթուածինը ստացած են շուէտացի գիտնական Շեէլէն (1970 թուականին՝ մակնէզիւմի նիթրաթի, թորակներու տաքութեամբ քայքայումէն) եւ անգլիացի գիտնական Փրիսթելին (1774 թուականին՝ սնդիկի օքսիտի եւ սուսրի տաքացնելէն).

1775 թուականին Անթուան Լորան Լաւուազիէն հաստատելով օդի բաղադրութիւնը, ցոյց տուաւ, որ թթուածինը կը համարուի թթուներու բաղադրիչ մասը եւ անուանեց զայն oxygene՝ «թթու յառաջացնող» (հին յուն․՝ ὀξύς «թթու» եւ հին յուն․՝ γεννάω՝ «կը ծնիմ»), հոստեղէն ալ հայերէն «թթուածին» անուանումը։

Թթուածինը Բնութեան Մէջ
Թթուածինը անհրաժեշտ է կրակը վառ պահելու համար
Երկաթի օքսիտը կամ ժանգը կը յառաջանայ, երբ թթուածինը կը փոխազդէ այլ տարրերուն հետ
Ջուրը (H2O) բնութեան մէջ թթուածնի ամէնատարածուած միացութիւնն է

Թթուածինը Երկրի կեղեւին ամենատարածուած տարրն է։ Ազատ վիճակին կը գտնէ մթնոլորտային օդին մէջ, կապուած ձեւով կը մտնէ ջուրի, միներալներու, լեռնային ապարներու, եւ բոլոր այն բոյսերու, որոնցմէ կազմուած են բուսական եւ կենդանական օրկանիզմները։ Երկիր մոլորակի օդային մթնոլորտը կազմուած է հիմնականին մէջ երկու կազէ՝ թթուածինէ (O2) եւ բորակածինէ (N2)։ Օդի բաղադրութեան մէջ թթուածինի ծաւալային բաժինը 20,93 % է, իսկ զանգուածայինը՝ 23,15 %։ Սակայն թթուածինի հիմնական զանգուածը մեր մոլորակին մէջ կը պարունակէ տարբեր միացութիւններու (բարդ նիւթերու) բաղադրութեան մէջ։ Երկրագունդի ջրապաշարներուն մէջ թթուածինի զանգուածային բաժինը 85,82 % է, աւազին մէջ՝ 53 %, կաւերուն, լեռնային ապարներուն եւ հանգերուն մէջ՝ մօտաւորապէս 56 %։ Բոլոր կենդանի օրկանիզմներուն մէջ պարունակող նիւթերու (ճարպ, շաքար, փրոթէին եւ այլն) բաղադրութեան մէջ առկայ հիմնական տարրերէն մէկը թթուածինն է։ Զորօրինակ՝ մարդու օրկանիզմին մէջ թթուածինի զանգուածային բաժինը 65 % է (իսկ ըստ հիւլէներու՝ 26 %)։

Օդին մէջ թթուածինի ծախսը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է նիւթերու օքսիտացմամբ, այրմամբ, օրկանական նյութերու նեխմամբ ու կենդանի օրկանիզմներու շնչառութեամբ։ Սակայն ծախսուած թթուածինը կը վերականգնուի լուսասինթէզի միջոցաւ, որ հիմնականին մէջ կը կատարուի բոյսերուն մէջ։ Կանաչ բոյսերուն մէջ արեւի լուսային եռանդը կը խթանէ ածխաթթու կազի (CO2) եւ ջուրի (H2O) մոլեքուլներու միջեւ քիմիական փոխազդեցութիւն, որուն հետեւանքով ածխաթթու կազի ծաւալին հաւասար թթուածին կ'անջատուի։ Այդ գործընթացին նաեւ շարք մը օրկանական միացութիւններ կը յառաջանան։ Թթուածինը բնութեան մէջ կը կատարէ իւրօրինակ շրջապտոյտ մը։

Քիմիական Յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարբերական համակարգի 2րդ պարբերութեան, 6րդ խումբի քիմիական տարր է: Հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներու կառուցուածքը 1s22s22p4 է։ Կաղապար:Սեղմ Պարբերական Աղիւսակ

pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy