Jump to content

Քէյթի Փերրի

Քէյթի Փերրի 2010

Քէյթի Փերրի (անգլերէն՝ Katy Perry, իսկական անունը՝ Քէյթրին Էլիզապէթ Հատսըն, անգլերէն՝ Katheryn Elizabeth Hudson, ծնած՝ 25 Հոկտեմբեր 1984, Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա, Միացեալ նահանգներ), ամերիկացի երգչուհի, երգահան։

Ապրիլ 2007-ին Փերրին պայմանագիր կնքեց Capitol Records ձայնագրման ընկերութեան հետ։ Ան 2008 թուականին աշխարհի մէջ յայտնի դարձավ «I Kissed a Girl» երգի եւ One of the Boys ձայնասկաւառակի շնորհիւ։ Հետագայ երգերը՝ «Hot n Cold» եւ «Waking Up in Vegas», եւս միջազգային մեծ ճանաչում ստացած էին։ Փերրիի երրորդ Teenage Dream ձայնասկաւառակը հրատարակուած է Սեպտեմբեր 2010-ին։ Այդ սկաւառակէն հրատարակուեցան 6 մեներգներ, որոնցմէ 5-ը բարձրագոյն հորիզոնականներ գրաւեցին ԱՄՆ-ին մէջ․ «California Gurls», «Teenage Dream», «Firework», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)»: Teenage Dream ձայնասկաւառակը կը համարուի առաջին ձայնասկավառակը երգչուհիներու շրջանին, ուր հինգ երգեր հասած են Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական եւ երկրորդ ձայնասկաւառակը Մայքըլ Ճեքսընի Bad ձայնասկաւառակէն ետք։ Մարտ 2012-ին Փերրին վերահրատարակեց Teenage Dream երգը Teenage Dream: The Complete Confection անունով։ Առաջին «Part of Me» երգը առաջին տեղը գրաւեց Billboard Hot 100-ին մէջ։ Ան գլխաւորեց նաեւ Բրիտանիոյ, Քանատայի եւ Նոր Զելանտայի աղիւսակները։ Անոր չորրորդ Prism ձայնասկաւառակը հրատարկուեցաւ Հոկտեմբեր 2013-ին։ Ան գլխաւորեց Billboard 200 ազգային աղիւսակը վաճառքի առաջին շաբթուան ընթացքին, իսկ առաջին «Roar» երգը առաջին համաշխարհային յաջողութիւնն էր, որ գլխաւորած է 17 աղիւսակ։

Փերրին բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր է, անոնց կարգին՝ ան երեսուն անգամ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակին։ 2012 թուականին Billboard երաժշտական հրատարկչութիւնը անուանեց անոր տարուան կին։ Ան կը շարունակէ մնալ միակ երգչուհին, որու յաջողած է 69 շաբաթ շարունակ մնալ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ[1][2]: Փերրին նաեւ անուանած է թուային դարաշրջանի երրորդ լաւագոյն արուեստագէտը՝ համաձայն RIAA-ի վիճակագրութեան[3]: Ան նաեւ հրատարակած է օծանելիքի սեփական հաւաքածոն՝ Purr, Meow, Killer Queen: Յուլիս 2011-ին վերջը Փերրին միացաւ «Սմուրֆիկներ» նախագիծին՝ հնչիւնաւորելով գլխաւոր հերոսուհիին՝ Սմուրֆեթթա-ին (Smurfette)։ Billboard-ը Փերրիին դասած է 14-րդ հորիզոնականին 2011 թուականի ամենաշատ վճարուող երգչուհիներու ցանկին մէջ։ Յուլիս 2012-ի սկիզբին ան հրատարակած է ինքնակենսագրական փաստագրական տեսաժապաւէն՝ «Քէյթի Փերրի․ Ինծմէ կտոր մը» անունով, ուր ան կը պատմէ իր վերջին համերգային շրջագայութեան՝ The California Dreams Tour-ի մասին։ Նոյեմբեր 2013-ին Փերրին ծախած է 12 միլիոն ձայնասկաւառակ եւ 81 միլիոն երգ ամբողջ աշխարհին մէջ[4][5]:

Քէյթի Փերրին ծնած է Սանթա Պարպարա-ի մէջ։ Քէյթիի թէ՛ հայրը, թէ՛ մայրը աւետարանական եկեղեցւոյ հետեւորդներ էին։ Ան ընտանիքի երկրորդ երեխան է։ Քէյթին աւարտած է Dos Pueblos High School-ը, Քալիֆորնիա 2003 թուականին, շուտով ան տեղափոխուած է Լոս Անճելըս: Այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր[6]: Դեռահասութեյան տարիներուն ան փոխած է իր ազգանունը՝ դարձնելով Փերրի, քանի որ «Katy Hudson» անունը շատ նման էր Քէյթ Հատսընի անուանը։ Փերրին անոր մօր աղջկական ազգանունն է[7]: Քէյթի Փերրիի երաժշտութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած են Queen, Nirvana, Ալանիս Մորիսեթ, Heart, Ճոնի Միթչըլ, Incubus երաժիշտները։

Երաժշտական ասպարեզը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1999-2006: Katy Hudson եւ The Matrix

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցական երգչախումբին մէջ երգող 15 տարեկան Փերրիին նկատած են Նէշվիլի արդի ռոք երաժիշտները, որոնք առաջարկած0 էին նանոր բարելաւել ու զարգացնել երգեր հեղինակելու իր հմտութիւնները։ Դեկտեմբեր 1999-ին Փերրին ստացած է ամբողջական միջնակարգ կրթութիւն Dos Pueblos High School-ի առաջին կիսամեակէն՝ որոշելով ցգել դպրոցը՝ յանուն իր երաժշտական ասպարեզի։ Փերրին հետեւած է իտալական օբերա-ի կարճ դասընթացքներուն Music Academy of the West-ոմ[8]: Նէշվիլի մէջ Փերրին սկսած է ձայնագրել «դեմօ» տարբերակը եւ դասեր վերցնել գեղջկական ոճի երաժշտութեան փորձառու երաժշիտներէն՝ զարգացնելով երգեր գրելու հմտութիւնները եւ կիթառ նուագելը[9]: Փերրին պայմանագիր կնքեց քրիստոնէական երաժշտութեան Red Hill Records-ի հետ։ Ան ձայնագրեց եւ հրատարակեց իր առաջին ալպոմը՝ Katy Hudson անուամբ, Փետրուար 8, 2001-ին։ Ձայնասկաւառակէն հրատարակուեցան երկու երգեր՝ «Trust In Me» եւ «Search Me»: Ալպոմի յառաջակցութեան համար Փերրին մասնակցեցաւ The Strangely Normal Tour-ին՝ երգեր կատարելու Ֆիլ Ճօըլէն եւ LaRue-էն առաջ[10]: Katy Hudson ձայանսկաւառակը առեւտրային յաջողութիււններ չունեցաւ, սակայն ստացաւ դրական կարծիքներ երաժշտական քննադատներու կողմէն, որոնք կը գովաբանէին անոր տղաանդը։ Չնայած անոր՝ Դեկտեմբեր 2001-ին Red Hill Records-ը սնանկացաւ։

17 տարեկան Փերրին տեղափոխուեցած բնակելու Լոս Անճելըս, ուր սկսաւ աշխատիլ Կլէն Պալարտի հետ անոր եւ ‎Island Records-ի պայմանագիրի շրջանակներուն մէջ[11]:

2004 թուականին Քէյթին միացաւ The Matrix-ի խումբին հետ, որ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակի համար եւ որու ամփոփումը կը ներառէր համագործակցութիւն այնպիսի երաժիշտներու հետ, ինչպէս՝ Այվրիլ Լավինը, Շափիրան եւ Korn-ը։ Matrix-ը կը ծրագրէր, որ սեփական ձայնասկաւառակը կը ձայնագրէ Քէյթի Փերրիի հետ։ Նախագիծը վերջ ի վերջոյ չ՛իրականացաւ, քանի որ Փերրին 2004 թուականին յայտնուեցաւ «Պլէնտըր» ամսագիրին մէջ, որ անոր կե նկարագրէր որպէս «The Next Big Thing!»: Հարցազրոյցի ժամանակ Քէյթին յայտարարած էր, որ ան «բնորոշ քրիստոնիայ» չէ՝ յիշեցնելով, որ ան պատանի տարիներուն «բազմաթիւ վատ բաներ» ըրած է[12]: Matrix-ի հետ չի կնքուած պայամանագիրէն ետք Փերրին 2007 թուականին պայմանագիր կնքեց Capitolի հետ։

2007-2009: Համաշխարհային ճանաչումը One of the Boys-ի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փերրիի ելոյթը, Յուլիս 2008

2006 թուականին Columbia Records-ի հետ պայմանագիրը խզելէն ետք ընկերութեան գործադիր արտադրող Անժելիքա Պեյլըրը խանդավառութեամբ առաջադրեց Փերրիի թեկնածութիւնը՝ դիտարկուելու Ճէյսըն Ֆլոմի՝ ձայնագրութեան Virgin Records ընկերութեան նախագահի կողմէն։ Այդ ժամանակ Ֆլոմը կը փորձէր ստեղծել երաժշտական նախագիծ մը, որ համաշխարհային ճանաչում կը ստանար։ Չնայած Virgin Records-ի գործընկերներու ոչ միանշանակ արձագանքին՝ ան համոզուեցաւ, որ Փերրին տաղանդաւոր է, եւ ան կրնար իրական հեղափոխութիւն դառնալ երաժշտական աշխարհին մէջ։ 2006 թուականի սկիզբէն Columbia Records-ի ներկայացուցիչի հետ երկարատեւ բանակցութիւններ վարելէն ետք պայմանագիր կնքուեցաւ Փերրիի եւ ձայնագրութեան Capitol Music Group ընկերութեան հետ։ Blender ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ երգչուհին նկարագրեց իր զգացմունքները․

Առաջին անգամ, երբ ինծի հետ պայմանագիր կնքեցին, ես նստած էի երեք այլ աղջիկներու հետ, որոնց հետ նոյն ժամանակի ընթացքին եւս պայմանագիր կնքեցին: Անոնք նստեցուցին մեզի եւ ըսին․ «Հնարաւոր է, որ ձեզմէ մէկը օր մը աստղ դառնայ: Միւս երեքը կրնան վերադառնալ Ամերիկա»[13]:

Պայմանագիրի մի մասն էր Փերրի ամբողջ նիւթերու վերահսկողութիւնը, որոնք կը ձայնագրուէին չի հրատարակուած ձայնասկաւառակի համար Columbia Records- հետ պայմանագիր կնքելու ժամանակ։ Անոր հետեւանքով այդ նիւթը մտաւ անոր առաջին ձայնասկաւառակի՝ One of the Boys-ի մէջ։ Ֆլոմը նշեց, որ նիւթը, որ ձայնագրուած էր նախորդ պիտակի հետ համագործակցութեան ժամանակ, շատ ուժեղ էր, սակայն այդ բաւական չէր ամերիկեան եւ համաշխարհային ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար։ Առաւել որակեալ եւ հարուստ հնչողութիւն ստանալու համար ներգրաւուեցաւ արտադրող Dr. Luke-ը, որու հետ Փերրին գրեց «I Kissed a Girl» եւ «Hot n Cold» ստեղծագործութիւնները։ Փերրիի նոր կերպարի ստեղծումը իր կառավարելու գլխաւոր խնդիրներէն մէկը կը համարուէր։ Նոյեմբեր 20, 2007 -ին սկսաւ ծանուցումային արշաւը, երբ հրատարակուեցաւ «Ur So Gay» երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը, որ ուղղուած էր Փերրի՝ երաժշտական շուկայ ներգրաւուելուն։ Հրատարակուեցաւ նաեւ փոքր-ձայնասկաւառակ՝ «Ur So Gay» երգի գլխաւորութեամբ՝ համացանցային տիրոյթին մէջ եւ մամուլին մէջ աղմուկ յառաջացնելու նպատակով։ «Ur So Gay» երգը իր բառերով եւ հոլովակով մեղադրուեցաւ ենթադրեալ հոմոֆոպիայի մէջ[14]: Այդ յաջող քայլ էր սկսնակ երգչուհիի համար, քանի որ անոր նկատեց Մատոննան՝ յիշատակելով «Ur So Gay» երգը KISS FM ձայնասփիւռի կայանին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Փերրիի ելոյթը Warped Tour-ի ժամանակ, 2008 Օգոստոս

Փերրիի ծանուցումային արշաւի յաջորդ հանգրուանին մէջ երգչուհին երկու ամսուայ շրջագայութիւն անցուց ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ։ Առաջին պաշտօնական «I Kissed a Girl» երգը հրատարակուեցաւ Մայիս 8, 2008-ին։ Capitol Records-ի աւագ փոխ նախագահ Տենիզ Ռիզը փորձեց սկսիլ երգի ձայնասփիւռի շրջանարութիւնը փոքր ազգային ձայնասփիւռի կայաններէն։ Առաջին ձայնասփիւռի կայանը, ուր ընտրուեցաւ նման քայլը, դարձաւ Նէշվիլի The River ձայնասփիւռի կայանը։ Երեք օր աշխուժ շրջագայութենէ ետք ձայնասփիւռի կայանը հեղեղուած էր ունկնդիրներու հիացած զանգերով։ Յունիս 12, 2008-ին Փերրին մասնակցեցաւ «Երիտասարդներ եւ յանդուգններ»ու նկարահանումներուն։ Երգչուհին նաեւ մասնակցութիւնը բերաւ Գեւին Ռոստեյլի «Another Night in the Hill» ստեղծագործութեան մէջ, որ աւելի ուշ մտաւ անոր արհեստագիտական Wanderlust ձայնասկաւառակի երգացանկի մէջ։ «I Kissed a Girl» երգը իրական կը բեկէր փոփ երաժշտութեան մէջ։ Ան 7 շաբաթ շարունակ գլխաւորեց Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակը, ինչպէս նաեւ առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց 20 երկիրներու աղիւսակներուն մէջ։ «I Kissed a Girl» երգի տեսահոլովակը ներկայացուեցաւ Մայիսի 21, 2008 -ին Փերրիի MySpace սոցեալական կայքի պաշտոնական էջին մէջ։

Փերրիի առաջին ձայնասկաւառակը՝ One of the Boys անունով հրատարկուեցաւ Յունիսի 17, 2008-ին։ Ան ստացաւ քննադատներու ոչ միանշանակ կարծիքները։ Ալպոմը սկսաւ իր երթը Billboard 200-ի 9-րդ հորիզոնականէն՝ շաբթական 47 հազար օրինակի վաճառքով։ One of the Boys ձայնասկաւառակը ստացաւ RIAA-ի կողմէն փլաթինէ հաւաստագիր, ամբողջ աշխարհին մէջ ընդհանուր վաճառքը գերազանցեց 5 միլիոն օրինակը։ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Քէյթի Փերրիին քննադատեցին ձայնասկաւառակի՝ ածելիով լոսանկարի համար[15]: Երգչուհին ածելին մոտեցուցած էր դէմքին եւ այդ զայրոյթ յառաջացուցած էր մարդոց մոտ, որոնք դէմ են բռնութեան, քանի որ Լոնտոնի մէջ մեծ թիւով հարձակումներ տեղի կ՛ունենան, որոնք կապուած են դանակի հետ[16]: Լուսանկարը պէտք է միայն ցոյց տար Փերրիի դաժանութիւնը եւ սէրայնութիւնը, եւ ծրագրած չէր այդ նկարը տեղադրել ձայնասկավառի շապիկին[17]: Օգոստոս 2008-ին Փերրին ժխտեց այն հերիւրանքները, որ իր ծնողները դէմ էին իր երաժշտական ասպարեզին՝ յայտարարելով, որ «անոնք ինծի կը քաջալերէին»: Ան նաեւ աւելցուց, որ ծնողները «այնքան ալ» զարմացած չէին իր «Ur So Gay» երգով։ «Hot n Cold» երգը հրատարակուեցաւ որպէս ձայնասկաւառակի երկրորդ երգ եւ հասաւ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի երրորդ հորիզոնական։ Երգը կը գլխաւորէր ռուսական ձայնասփիւռի վարկանշային Tophit աղիւսակը երկու շաբաթուայ ընթացքին[18]: Բացի այդ՝ ստեղծագործութիւնը առաջինն էր Գերմանիա-ի, Դանիա-ի, եւ Քանատաի մէջ։ Փերրին մասնակցեցաւ Warped Tour շրջագայութեան, որու շրջանակներուն մէջ ելոյթներ ունեցաւ Եւրոպա-ի մէջ։ Ապա Փերրին ելոյթ ունեցաւ իր սեփական Hello Katy Tour շրջագայութեան ժամանակ, որ անցաւ Յունվար 2009-ին ։ «I Kissed a Girl» ստեղծագործութիւնը Փերիին անուանակարգ բերաւ «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ որպէս «Կանանց լաւագոյն ձայնամարզութեան փոփ կատարում»: Ան առաջադրուեցաւ MTV Video Music Awards 2008-ի հինգ անուանակարգերու մէջ, սակայն պարտուեցաւ Պրիթնի Սփիրզին Piece of Me տեսահոլովակով։ MTV Europe Music Awards 2008-ի ժամանակ Փերրին յաղթեց «Լաւագոյն նոր կատարող» անուանակարգին մէջ, ուր ան հանդէս կու գար նաեւ որպէս հաղորդավարուհի։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քէյթի Փերրին կը հանդիպէր ամերիկեան Gym Class Heroes խումբի մենակատար Թրեւիս ՄքՔոյի հետ, սակայն 2008 թուականի վերջերուն անոնք բաժնուեցան։ Ան նաեւ յայտնուած է խումբի «Cupid’s Chokehold» տեսահոլովակին մէջ[19]:

2009 թուականին երգչուհին սկսաւ հանդիպիլ բրիտանացի կատակերգու Ռասըլ Պրենտի հետ։ Վերջինիս հետ նշանտուքը տեղի ունեցաւՀնդկաստանի մէջ Ամանորի գիշերը[20]: Զոյգի ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 23, 2010-ին։ Դեկտեմբեր 30, 2011-ին Ռասըլ Պրենտը փաստաթուղթեր ներկայացուց՝ ամուսնալուծութեան համար՝ որպէս պատճառ նշելով «անյաղթահարելի անհամաձայնութիւնները»: Նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Քէյթիի նախկին ամուսինը չէր ցանկացած ձեռք բերել նախկին կնոջ ունեցուածքի կէսը։ Ամուսնալուծական գործընթացը պաշտօնապէս վերջացաւ Յուլիս 14, 2012-ին[21]:

Ամուսնալուծութենէն ետք Քէյթին սկսաւ հանդիպիլ երգիչ Ճոն Մեյըրի հետ։ Յարաբերութիւններու ընթացքին զոյգը միացաւ ու բաժնուեցաւ երեք անգամ[22]: Յուլիս 2015-ի տուեալներով Քէյթին եւ Ճոնը կրկին բաժնուեր են[23][24]:

Շրջագայութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Քէյթի Փերրին դարձած է Թվիթթերի առաջին օգտատէրը, որու հետեւորդներուն թիւը գերազանցած է 50 միլիոնը[25]: Այժմ արդեն Փերրիի պաշտօնական էջի հետեւորդներու թիւը կը գերազանցէ 92 միլիոնը[26]:
  • «Teenage Dream» ձայնասկաւառակը առաջինը կը համարուի երգչուհիներու շրջանին մէջ, որու հինգ երգերը հասած են ամերիկեան Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական[27]:
  • Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն 6 երգերը ձայնասկաւառակէ մը («Teenage Dream») գլխաւորած են Billboard Pop Songs վարկանշային աղիւսակը[28]:
  • Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն հինգ երգերը միեւնոյն ալպոմէն («Teenage Dream») գլխաւորեցին Billboard Adult Pop Songs վարկանշային աղիւսակը[29]:
  • Փերրին մէկ անգամ չէ, որ մրցանիշներ սահմանած է շաբթական շրջագայութիւններու թիւով։ «California Gurls», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)» եւ «Roar» երգերը նմանատիպ մրցանիշներ սահմանած են։ «Roar» երգը կը պահպանէ այդ մրցանիշը՝ սկսած 16,065 շաբթական ձայնասփիւռի շրջանարութիւններէն[30][31]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Katy Perry Celebrates Year In Hot 100’s Top 10 | Billboard» 
  2. «Adele’s 'Someone Like You' Soars To No. 1 On Hot 100 | Billboard» 
  3. «RIAA - Recording Industry Association of America - January 28, 2014» 
  4. «Katy Perry First Confirmed Performer For Capital FM’s Jingle Bell Ball 2013 - Capital FM» 
  5. «Katy Perry To Headline Day One Of 2013 Jingle Bell Ball | Katy Perry | News | MTV UK» 
  6. The Santa Barbara Independent Major League
  7. allmusic (((One of the Boys > Review)))
  8. «Toonage - Features»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2009-03-16 
  9. «Katy Perry Exclusive Interview | The Star Scoop»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30 
  10. The Strangely Normal Tour - Phil Joel, Earthsuit, V*Enna & Katy Hudson - Earthsuit Concert Reviews - Epinions.com
  11. «'Kiss' Me, Katy | EW.com»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30 
  12. The Next Big Thing! Katy Perry - Blender
  13. «Katy Perry - "Blender" November 2008» (անգլերեն)։ Just Jared։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-01-10-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-07 
  14. Zack Rosen. (Յունիս 10, 2008)։ «Music: Katy Perry: The New Gay Interview» (անգլերեն)։ thenewgay.net։ արտագրուած է՝ 2014-02-09 
  15. Katy Perry stirs up knife controversy by posing with a spoon | Daily Mail Online
  16. The Sun
  17. Outrage as singer Katy Perry poses with a knife to 'look edgy' | Daily Mail Online
  18. http://tophit.ru/cgi-bin/trackinfo.cgi?id=15532
  19. Katy Perry to release Ur So Gay album / MusicRemedy
  20. Քէյթի Փերրին ցոյց տուած է նշանտուքի մատանին
  21. Քեթի Փերրին բաժանվել է ամուսնուց
  22. «Քէյթի Փերրին եւ Ճոն Մեյըրը կրկին կը հանդիպին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30 
  23. Ճոն Մեյըրը եւ Քէյթի Փերրին կրկին բաժնուեր են
  24. John Mayer and Katy Perry split again
  25. «Քէյթի Փերրին առաջինն յաղթահարած է Թվիթթերի 50 միլիոն հետեւորդներու սահմանը» (ռուսերեն)։ NEWSru.com։ 1 Փետրուար 2014։ արտագրուած է՝ 2014-02-01 
  26. «KATY PERRY (@katyperry)»։ Թվիթթեր։ արտագրուած է՝ 2015-08-10 
  27. Katy Perry Makes Hot 100 History: Ties Michael Jackson's Record | Billboard
  28. Katy Perry Ties For Most Pop Songs No. 1s | Billboard
  29. «Katy Perry Breaks Record On Billboard’s Adult Pop Songs Chart - Starpulse.com»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-30 
  30. Katy Perry's 'E.T.' Lands Pop Songs Plays Record | Billboard<
  31. http://www1.billboard.biz/bbbiz/photos/pdf/2013/TFMm1007.pdf

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy