Jump to content

Քիթիրա (կղզի)

Քիթիրա (կարմիրով)

Քիթիրա (յուն․՝ Κύθηρα), մայրաքաղաքը՝ Քիթիրա. Յոնիական կղզիներ, Յունաստան: Կղզին ծանօթ է նաեւ հին անունով (տրուած Վենետիկցիներուն կողմէ)՝ Ցիրիղօ Τσιρίγο Cerigo: Ըստ դիցաբանութեան, Երկնային Աֆրոտիթիին եւ Սէրին կղզին է: Կը գտնուի հարաւային Յունաստան, Պելոպոնեսին արեւելեան ոտքին հարաւը, Էլաֆոնիսոսին եւ Քաւօ Մալէա հրուանդանին դիմացը  (դէպի հարաւ)։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քիթիրա

Քիթիրա  (յոգնակի իմաստով` Τα Κύθηρα) Կը գտնուի Յոնիական Ծովուն սահմանածիրին,  Պելոպոնեսի եւ Կրետէ կղզիին միջեւ, հոն ուր Յոնիական, Էգէական եւ Կրետական Ծովերը իրար կը հանդիպին։

Երկարաձեւ կղզի,  29 քլմ․ երկարութեամբ եւ 18 քլմ․լայնքով։ Տարածութիւնն է՝ 277,746 քռ. քլմ։ Ծովափնիայ գօտիին երկարութիւնն է՝ 90 քլմ․։

Լեռնային կղզի է․ զայն կը ճեղքեն երկու մեծ լեռնաշղթաներ, որոնք աւելի փոքր լեռներու կը ճիւղաւորուին իրենց միջեւ ձորեր գոյացնելով։

Միլոփոթամոս գիւղին բնական ջրվէժներուն կից կան ջրաղացներ: Կղզիին բերրի շրջանն է։

Քարտէս՝ Աթէնք-Փիրէա Քաղաքային Տարածաշրջանի (Ատիկէի Շրջանային Վարչական Միաւորում)

Քիթիրա կղզին աշխարհագրականօրէն Յոնիական Կղզիներուն կը պատկանի, իսկ վարչականօրէն՝ Աթէնք-Փիրէա Քաղաքային Տարածաշրջանին: Տարածքովը, Յունատանի 15-րդ մեծ կղզին է եւ ունի 64 համայնքներ։

Կղզիին կլիման մեղմ Միջերկրականեան է: Յաճախ, գարնան եղանակին արեւմտեան-հարաւարեւմտեան հովը՝ փրովենծա անունով προβέντζα, ցած ամպեր կը հաւաքէ եւ մշուշ կը ստեղծուի․  նաւաստիներէն բացառիկ ուշադրութիւն կը պահանջուի։

Հոմերոսը, Իլիատա դիւցազներգութեան մէջ, կը նշէ Քիթիրա անունը: Իսկ Աֆրոտիթի՝ սէրի աստուածուհին, կը նոյնանայ կղզիին հետ եւ կ'առնէ Քիթերիա Κυθέρεια անունը․ Աքիթիրոս Ακύθηρος (ա-α՝ ժխտական նախածանց + քիթիրոս) կը կոչուէր հրապոյրներէ զրկուած անձ: Հնադարի ուրիշ հեղինակներ ալ կը մէջբերեն Քիթիրա անունը․ Իրոտոթոս Ἡρόδοτος  Hérodote, Արիստոթելիս Αριστοτέλης եւ Քսենոֆոն Ξενοφών։

Իսիտորոս աշխարհագէտը՝ Ա. դար, ունի հակառակ, յեղաշրջող կարծիք․ կղզին կ'առնէ անունը Քիթերիա Աֆրոտիթիէն Κυθέρεια Αφροδίτη: Կը մեկնաբանէ հետեւեալ ձեւով․ κεύθω բայը կը նշանակէ կը պահեմ, իսկ անոնք որոնք կղզիին վրայ կը սիրաբանին (այսինքն հոն ուր՝ Քիթիրա) երեւան կը հանեն պահուած սէրային կիրքը։

Կղզիին անունը յոգնակիի կը հանդիպինք հաւանաբար դրացի Անդիքիթիրա կղզիին պատճառով։

Թէողոնիա Θεογονία բանաստեղծութեան հրատարակութիւն մը, պատկերազարդուած Gustave Moreau-ին կողմէն․ Կիւլպէնկեան թանգարան, Լիզպոն

Ըստ Իսիտորոսի Թէողոնիա Θεογονία բանաստեղծութեան, Աֆրոտիթին կը ծնի Քիթիրայի ծովուն փրփուրներուն վրայ․ հոն թափած էին Երկինքի՝ Ուրանոսին մարմնի ծննդական անդամները, կտրուած Քրոնոս զաւկէն: Ալիքները աստուածուհին մինչեւ Կիպրոս կղզիին Փաֆոս ծովափնիայ շրջանը կը տանին: Այդ իսկ պատճառով ալ աստուածուհին Կիպրոսի բնակիչներէն կը պաշտուի եւ կղզիին պահապան աստուածուհին կը նկատուի։

Նախապատմական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիթիրա կղզիին Սուրբ Սօֆիա քարայրին մէջ հնաբանական պեղումներէն գտնուած կառաս մը կը վկայէ, թէ կղզին բնակուած է Ք․Ա․ 6-րդ հազարամեակէն: Իսկ Տիաքոֆթի շրջանին մօտակայ Հուստի քարայրին մէջ Ք․Ա․ 3800 թուականէն բնակավայրերու հետքեր գտնուած են: Բնակավայրերը կը բազմանան Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին, Մինոասեան քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին։ Առաւել, հնաբանական պեղումներէն ի յայտ կու գայ թէ կղզին շարունակ բնակուած է մինչեւ  Միկինեան քաղաքակրթութեան վերջաւորութեան Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակ։ 

1960-ական թուականներուն Քասթրի շրջանին մէջ եղած  հնաբանական պեղումներէն, կ'ենթադրուի թէ շրջանը Մինոասեան գաղթօճախ էր, բնակարաններով եւ գերեզմաններով, իսկ Այիոս Եորղոս լերան վրայ, 350 մ․ բարձրութեան, գտնուած է մինոասեան տաճարը եւ անոր շրջակայքին կոտրուած խեցեգործական զանազան իրեր, 80-ի մօտ պատկերիկներ, զանազան ուխտանուէրներ եւայլն: Գտնուած է նաեւ օճառաքարէ փոքրիկ կառաս մը, որուն վրայ փորագրուած է Գծային Ա․ Γραμμική Α (մինոասեան յունանախնագիրը): Տաճարին բարձր դիրքը կ'օգտագործուի իբրեւ դիտարան, հսկելու համար Թենարօ (Պելոպոնեսի երկրորդ ոտքի հարաւային հրուանդանը) եւ Մալեա հրուանդաններէն մինչեւ Կրետէ երկարող տարածքը։ Երբ երկինքը պայծառ է Կրետէի Լեֆքա լեռները կը տեսնուին, իսկ տեսանելիութիւնը կը հասնի մինչեւ Միլոս եւ Սանթորինի կղզիները: Այսպէս կը հսկէին ծովային ճամբան․ հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք։

Հոմերոսի շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ֆիրի Ամոս․ կարմիր աւազով ծովափը

Ք․Ա․ 15-րդ դարուն, փիւնիկեցիները Քիթիրային մէջ գաղթօճախ կը հիմնեն․ անոնք կղզիէն կ'արտադրեն կարմրամանիշակագոյն πορφύρα Phoenician red ,Tyrian purple  երանգը․ այդ պատճառով ալ կղզին հնադարեան ժամանակին կը կոչուէր նաեւ Փորֆիրուսա Πορφυρούσα: Նաեւ Քիթիրան առեւտուրի կարեւոր կայան մըն է իրենց գաղթօճախներուն համար։

Հնադարեան Քիթիրա քաղաքը Աւլեմոնաս շրջանին Սքատէան է: Հնագիտական պեղումներու ժամանակ անոր աւերակները կը գտնուին․ միջնաբերդը,  հետագային Բիւզանդական Փալէոքասթրօ, ունէր Ուրանիա Աֆրոտիթիին տաճարը, որ կ'ենթադրուի փիւնիկեան համապատասխան Ասթարթէ աստուածուհիին նուիրուած ըլլար։

Մինոասեան քաղաքակրթութեան կը յաջորդէ Ք․Ա․1400 Միկինեան քաղաքակրթութիւնը: Ք․Ա․12-րդ դարուն Դորիացիները կամ «Յունական ցեղերը» կղզին կը գրաւեն: Անոնց կը յաջորդէ Արղոս քաղաք-պետութիւնը, իսկ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն Սպարտացիները։

«Անթիքիթիրայի մեքենական դրութիւնը»՝ Ք․Ա․ 150-100, գտնուած համանուն Անտիքիթիրա կղզիին բացերը․ գտնուած մեքենային շուրջ ենթադրութիւնները շատ են, սակայն թանգարանին կարծիքն է թէ նաւարկութեան գործիք մըն է։ Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարան։

Դասական շրջանին, Քիթիրա կղզին զանազան յունական քաղաք-պետութիւններու հպատակ կը դառնայ․ Արղոս, Սպարտա, Աթէնք (3 անգամ կղզիին կը տիրանայ Սպարտային դէմ պատերազմներուն ընթացքին եւ կղզին խարիսխ կը դարձնէ Սպարտայի (Լաքոնիա, հարաւային Պելոպոնես) վրան յարձակելու)։

Ք․Ա․ 195 թուականին, Սպարտայի պարտութեամբ, Քիթիրա կղզին կ'անկախանայ եւ իր դրամը կը տպէ: Կը յաջորդէ Հռոմէական գերիշխանութեան շրջանը եւ Քիթիրան Ախայիայի (Պելոպոնեսի հիւսիս-արեւմտեան շրջան) նահանգ կը դառնայ։ 

Բիւզանդական Կայսրութեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական Կայսրութեան բաժանումով, Քիթիրան Բիւզանդական կայսրութեան մաս կը կազմէ․ քրիստոնէութիւնը կ'ընդունի Դ. դարուն: Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանտինոս կայսրին մայրը՝ Սուրբ Հելլենը Քիթիրա կ'ապաստանի եւ միանձնուհի կը դառնայ։

365 թուականի կործանիչ երկրաշարժը հիմնովին կը փոխէ կղզիին ափերուն երեւոյթը։

Կղզին կը ճանչնայ զարգացման շրջան մը մինչեւ 654 թուական։ Սակայն Բիւզանդական Կայսրութեան ժամանակաւոր տկարացումով,  կը սկսին սլաւներու եւ արաբներու արշաւանքները: Բնակչութեան մէկ մասը արաբներուն կողմէ կը գերուի եւ իբրեւ ստրուկ կը ծախուի, իսկ մնացեալը  լեռները կ'ապաստանի կամ Յունաստանի ուրիշ շրջանները կը գաղթէ։ 700-ական թուականներուն շուրջ կղզին կ'ամայանայ։

Անդիքիթիրա․  Քիթիրա եւ Կրետէ կղզիներուն միջեւ

Քիթիրա կղզին կը վերաբնակեցուի Բիւզանդացի կայսրին՝  Նիքիֆորոս Ֆօքասին, կողմէն Ժ. դարավերջերուն, Կրետէին գրաւումէն ետք, 961 թուականին։

Փալիոհորա, Քիթիրա․ Բիւզանադական կայսրութեան ընթացքին կղզիին մայրաքաղաքին աւերակները․ կը քանդուի 1537 Խայրետին Պարպարոսայէն

Նոր բնակիչները Մոնեմւասիա Μονεμβάσια կամ՝ Μονεμβασιά Monemvasia  քաղաքէն կու գան․ միջնադարեան բերդ – բնակավայր, համանուն ժայռին վրայ: Անոնք կը հիմնեն Փալիոհորա մայրաքաղաքը, որ սկիզբին Այիոս Տիմիթրիոս կը կոչուէր։

Խաչակիրներու Դ․ արշաւանքէն ետք, 1238 թուականէն սկսեալ Յոնիական կղզիները եւ Էգէական Ծովուն կղզիներուն մեծամասնութիւնը յաջորդաբար կը միանան Վենետիկի Հանրապետութեան․ Քիթիրա կղզին ալ՝ 1238: Քիթիրան պիտի մնայ Վենետիկի իշխանութեան տակ մինչեւ անոր անկման՝ 1797:

Այս հինգ դարերու երկար ժամանակաշրջանին, կղզին գրաւելու փորձեր պիտի ըլլան, սակայն ապարդիւն․ օսմանեան աշրաւանքները ծովահէն Խայրետին Պարպարոսայի առաջնորդութեամբ պիտի չյաջողին կղզին գրաւել, սակայն մեծ աւերներ պիտի գործեն։ 1537-ին, Փալիոհորան կ'աւերեն, կը կողոպտեն եւ կը հրկիզեն: Բնակիչներուն մէկ մասը կը սպաննուի, ուրիշ մաս մը իբրեւ ստրուկ կը ծախուի․  անոնք որոնք կը յաջողին փրկուիլ կը թաքնուի կղզիին ներքնամասի գիւղերուն մէջ։

Վենետիկի Հանրապետութեան իշխանութեան ընթացքին, առեւտուրը կը զարգանայ։ Յոնիական կղզիներուն նաւահանգիստները կարեւոր դեր կը խաղան Վենետիկէն մինչեւ Լեւանդի Levant (միջին Արեւելքի ափամերձ՝ Միջերկրական Ծովուն արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան շրջաններ) տարածքաշրջանին մէջ: ԺԷ. դարուն, Կրետէ կղզիէն գաղթականներ Քիթիրա կը հաստատուին։

18-րդ եւ 19-րդ դարաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1797-ին, երբ Նափոլէոն Պոնափարթը Վենետիկը կը գրաւէ, Յոնիական կղզիները եւ Քիթիրան ալ Քամփօ Ֆորմիօ դաշինքով traité de Campo-Formio ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուին: Ֆրանսացիները ժողովրդավարական իշխանութիւնը կը պարտադրեն: Մայրաքաղաքին Էսթաւրոմենու հրապարակին վրայ Ազատութեան ծառը կը տնկեն։

21-3-1800 մինչեւ 8-6-1807 տարիներում Յոնիական կղզիները «Եօթը կղզիներու Հանրապետութիւն» անուանումով կը գտնուին Ռուսիոյ եւ Օսմանեան լուծին տակ. անոնք ետ կը բերեն ազատականներու իրաւունքները: Սակայն Քիթիրա կղզիին բնակիչները կ'ապստամբին, ռուս եւ թուրք պահակագունդը կը նահանջէ: Մայրաքաղաքը Միլոփոթամօ կը տեղափոխուի եւ ետքը Առօնիատիքա։ Այս ժամանակաշրջանը կը կոչուի «անարհիայի (կամ՝ անարքիա=անիշխանութեան) շրջան»  περίοδος της αναρχίας:

1807-1809 կղզիները կրկին կը գտնուին ֆրանսական տիրապետութեան տակ։

1809-ին, ֆրանսական նաւատորմիղին պարտութեամբ, Անգլիացիները յաջորդաբար կը գրաւեն Յոնիական Ծովուն գլխաւոր կղզիները։

Անգլիական տիրապետութեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաթունի տպաւորիչ քարաշէն կամուրջը․ 1826

Անգլիական տիրապետութեան շրջանին, կղզին կը վերածնի: Կը կառուցուին գիւղերը իրարու միացնոց ճամբաներ, Քաթունի տպաւորիչ քարաշէն կամուրջը եւ նոյնանման կամուրջներ՝ Փոթամօ, Քափսալի եւ Միրթիտիա  շրջանները, Անգլիական դպրոցներ եւ Մուտարիի ու Քափսալիի փարոսները: Կը կատարուին ջրամատակարարման աշխատանքներ: Կը զարգանայ ձէթի, արմտիքի եւ գինիի արտադրութիւնը։

Բնակչութեան աճին պատճառաւ (1864՝ 14 500 հոգի), կը սկսի արտագաղթի հոսք մը դէպի՝

Բնակչութեան աճին պատճառաւ (1864՝ 14 500 հոգի), կը սկսի արտագաղթի հոսք մը դէպի՝ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծովափնիայ հոծ յոյն եւ հայ բնակչութեամբ Զմիւռնիա (Զմիռնի) քաղաքը, Ամերիկա եւ Աւստրալիա։

Յունաստանի հետ միացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունաստանի Անկախութենէն տասնամեակներ ետք է որ Յոնիական կղզիները մայր Յունաստանին կը միանան 21 Մայիս 1864-ին՝ 17-29 Մարտ 1864 թուականին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած դաշինքով: Քիթիրան՝ 28 Մայիս, 1864-ին։

Նորագոյն եւ ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1903 զօրաւոր երկրաշարժը կը ցնցէ ամբող կղզին: Միթաթա գիւղը գետնի հաւասար կը դառնայ: Կղզիին շէնքերուն մեծ մասը կը քանդուի։

Փոքր Ասիոյ Աղետէն առաջ, Զմիւռնիա 14 000 Քիթիրացիներ կը բնակէին (քաղաքին յոյներուն ամենամեծ համայնքը): 1922 աշնան Յունական բանակին պարտութեամբ եւ նահանջին հետ, քաղաքին Քիթիրացիները կ'արտագաղթեն Յունաստան (Ատտիկէ՝ Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջան, Սելանիկ եւ էգէականի կղզիները, Եգիպտոս եւ ապա Աւստրալիա եւ կամ Ամերիկա): Քիչ է թիւը Քիթիրա ներգաղթողներուն։

Քիթիրա մայրաքաղաք․ Բերդը

1916 թուականին, Յունաստանի վարչամեքենային մէջ, թագաւոր Կոստանտինոս Ա․ի եւ վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսին միջեւ, երկճակատում կայ ինչ կը վերաբերի Յունաստանի մուտքը Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին եւ նաեւ թագաւորին մխրճումը երկրի արտաքին քաղաքականութեան։ Այս Ազգային Պառակտում-ի (այդպէս կոչուեցաւ այս կարճ ժամանակաշրջանը) հետեւանքը կ'ըլլայ Յունաստանը բաժնուի երկու կառավարութիւններու միջեւ․ երկրորդ կառավարութիւնը՝ Ազգային Պաշտպանութեան Առժամիայ Կառավարութիւն, կեդրոն կ'ունենայ Սելանիկը եւ կը ներառնէ՝ հիւս․ Յունաստանի մեծամասնութիւնը, նոր կցուած յունական Մակետոնիան, հարաւային էգէականի կղզիները, Քիթիրան ու Կրետէն․ վարչապետն է Էլեֆթերիոս Վենիզելոս։ Մայրաքաղաք Աթէնքին մէջ, կառավարութիւնը կը կառավարուի թագաւորէն։ Փետրուար 17, 1917 Քիթիրա կղզին կը յայտարարէ «Քիթիրայի Ինքնանկախ Վարչակառքը» եւ Գերմանիոյ դէմ պատերազմ կը յայտարարէ: Սակայն արագ, երկու կողմերը միջեզր կը գտնեն եւ կը միանան։ Թագաւորը երկրէն կը մեկնի։

Աւլեմոնաս գիւղը եւ համանուն ծովախորշիկը

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, կղզիին բնակչութիւնը 15 000 է: Քիթիրան նախ Իտալացիները կը գրաւեն եւ ապա Գերմանացիները: Վերջիններուն բիրտ եւ քանդիչ ներկայութեան հետեւանքը կ'ըլլայ բնակչութեան ընդիմութեան պայքարը: Կղզիին Ընդդիմութեան Պայքարը կը կազմակերպուի եւ կը սկսի Փոթամօ գիւղաքաղաքէն (կղզիին կեդրոնը գտնուող լեռնային շրջան): Սեպտեմբեր 4, 1944 թուականին գերանացիները կը վռնտուին։ Քիթիրա կղզին Յունաստանի տարածքին առաջին շրջանն է որ կ'ազատագրուի գերմանական լուծէն։

Սակայն, գերմանական գրաւման շրջանի (անգործութիւն, սով, մահ) հետեւանքները ծանր են կղզիին համար: Պատերազմի աւարտին գաղթի (դէպի Յունաստանի մեծ քաղաքները, մանաւանդ Աթէնք եւ Փիրէա) մեծ ալիք մը կը սկսի (19501990)․ կղզին գրեթէ կ'ամայանայ։

Աւլեմոնաս եւ հարաւարեւելեան ծովափնիայ շրջանները

Դէպի օտար երկիրներ արտագաղթը կը դադրի 1970-ական թուականներուն։

Զբօսաշրջիկութեան զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1990-ական թուականներուն կը սկսի զբօսաշրջիկութեան զարգացումը: Հակառակ անոր թէ կղզին հեռու է Յունաստանի գլխաւոր քաղաքներէն եւ նաւահանգիստներէն, այսուհանդերձ տարիէ տարի զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ կ'արձանագրէ։ Կղզին կը համակերպի․ մեծ թիւով բնակարաններ, առանձնատուներ կը կառուցուին․   Աւլեմոնաս, Տիաքոֆթի եւ Քափսալի գիւղերը այս զարգացման պատկերացումն են։

Քափսալի գիւղը եւ ծովափը․ Քիթիրա կամ Հորա մայրաքաղաքին վենետիկեան բերդէն դիտուած

Կղզիին բնակչութեան թիւը հեռու է անոր ԺԹ. դարու պատկերէն: Զբօսաշրջիկութիւնն ու գիւղատնտեսութիւնը՝ ձէթ եւ մեղրաբուծութիւն, գլխաւոր ճարտարարուեստներն են: Զբօսաշրջիկութեան բնագաւառը մշտապէս զարգացման ընքացքի մէջ է, սակայն առանց վնաս հացնելու կղզիին բնականոնութեան ու բնական գեղեցկութեամբ օժտուած շրջաններուն։

Տիաքոֆթի նաւահանգիստը

Մայրաքաղաքը՝ Քիթիրա կամ՝ Հորա, կը գտնուի կղզիին հարաւային շրջանը, բարձր բլուրի վրայ: Կղզիին գլխաւոր նաւահանգիստն է Տիաքոֆթի: Կը սպասարկէ նաւային երթեւեկութիւնը հարաւային Պեղոպոնեսի՝ Ղիթիօ, Քալամաթա եւ Նէափոլի – Վաթիքա,  Փիրէա նաւահանգիստներուն հետ, Անթիքիթիրա եւ Կրետէ կղզիներուն հետ։

Քիթիրա կղզիի «Ալեքսանտրոս Օնասիս» Պետական օդակայանը, Ֆրիլիղիանիքա եւ Տիաքոֆթի գիւղերուն միջեւ կը գտնուի, Հորա (Քիթիրա) մայրաքաղաքէն 24 քլմ․ հեռաւորութեամբ։ Կապուած է Աթէնքի Միջազգային Օդակայանին հետ եւ թռիչքները կը կատարուին Olympic եւ Aegean Airlines ընկերութիւններուն միջոցաւ։ 

Կղզին ունի պզտիկ հիւանդանոց / Առողջութեան Կեդրոն մը՝  «Թրիֆիլիօ» Τριφύλλειο  (նուէր Քիթիրացի Նիքոլաոս Թրիֆիլիս բարերարի) գոհացնելու բնակիչներուն կարիքները։

Փանաղիա Միրթիտիոթիսա վանք, Քիթիրա

Կղզիին Հնաբանական Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին ընդհանրապէս Մինոասեան քաղաքակրթուեան շրջանէն գտնուած իրեր։

Եկեղեցիներ, վանքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այիա Տեսփինա եկեղեցին
Այիա Էլեսա Վանք

Կղզին հարուստ է բիւզանդական եւ վենետիկեան յուշարձաններով: Նաեւ կան մեծ թիւով հին եկեղեցիներ, վանքեր՝ ԺԳ. դարէն ետք։ Երեք վանքեր՝  Փանայիա Միրթիտիոթիսա Παναγία η Μυρτιδιώτισσα կղզիին սուրբ պահապանը, Այիա Մոնի Αγία Μόνη եւ Այիա Էլեսա Αγία Ελέσσα կառուցուած են իրարու դիմաց գտնուող լեռներու գագաթներուն վրայ: Երեք տարբեր վայրերու մէջ գտնուող քարայրներու մէջ կան եկեղեցիներ։

Ժողովրդական Արուեստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիթիրա կղզիէն ներշրչուած են եւ ստեղծած են հետեւեալ հեղինակները, նկարիչները․-

  • Սանտրօ Պոթիչելիին «Աֆրոտիթիին Ծնունդը» The Birth of Venus 1480 նկար ․
  • Ֆրանցեսքօ Քոլոնայի Francesco Colonna (1433/1434 – 1527) «Փոլիֆիլիին Երազը» Hypnerotomachia Poliphili   (Poliphilo's Strife of Love in a Dream կամ՝ The Dream of Poliphilus) գրութիւնը․
  • Անթուան Վաթօ Jean-Antoine Watteau նկարիչին «Քիթիրա նաւամուտք» L'embarquement pour Cythère նկարը․
  • Ֆրանսուա Քուփռէ(ն) François Couperin յօրինողին տաւղալարի համար «Քիթիրային զանգականուագը»  Le Carillon de Cythere գործը․
  • Շառլ Պոտլէռ Charles Pierre Baudelaire ֆրանսացի բանաստեղծ-նկարիչին «ԴԷպի Քիթիրա ճամբորդութիւն մը» A Voyage to Cythera բանաստեղծութիւնը․
  • Անթոնի Փաուլ Anthony Dymoke Powell-ի «The Kindly Ones» (1962) եւ «A Dance to the Music of Time» (12 հատոր. 1951 եւ 1975) վէպերը․
  • Henry Graham Greene անգլիացի վիպագիրը Պոտլէռի «ԴԷպի Քիթիրա ճամբորդութիւն մը» բանաստեղծութենէն կը մէջբերէ տողեր The Comedians (1966) գործին մէջ․
  • Մարկարէթ Տրապլ Margaret Drabble գրագիտուհիին «ԴԷպի Քիթիրա ճամբորդութիւն մը» A Voyage to Cythera (1967) պատմուածքը․
  • Թէոտօրոս Ակելոփուլոս Θεόδωρος Αγγελόπουλος Theodoros "Theo" Angelopoulos շարժանկարի ուրուագրագէտ, բեմադրիչ,  «Պտոյտ դէպի Քիթիրա»  Ταξίδι στα Κύθηρα շարժանկարը (1984)․
  • Քիլինկ Ճոք Killing Joke ռոք նուագախումբին «Քիթիրայի մէջ» In Cythera երգը,  2012։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10][11] [12] [13] [14] [15] [16] [17]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յունաստանի 2011ի մարդահամար HELLENIC STATISTICAL AUTHORITY - 2011 POPULATION AND HOUSING CENSUS(յունարէն)
  2. Յունաստանի Հանրապետութիւն, Յոնիական Կղզիներու Շրջանային Միաւորում – վերջին տեղեկատուութիւն՝ Յուլիս 2019, Շրջ․ կառավարիչ՝ տիկին Ρόδη Κράτσα Τσαγκαροπούλου(յունարէն)
  3. Քիթիրա(յունարէն)
  4. Քիթիրային պատմութիւնը, 25-8-2013, visitkythera.gr (յունարէն)
  5. Քիթիրա քաղաքապետութիւն - Դիցաբանութենէն մինչեւ Հռոմէական շրջան, 22-4-2012(յունարէն)
  6. Տիաքոֆթիին տեսարժան վայրերը - Մաքրիքիթիրա կամ Մաքրի, 22-9-2013, diakofti.gr(յունարէն)
  7. Քիթիրային պատոմւթիւնը, 25-8-2013, kythera.gr(յունարէն)
  8. Քիթիրա քաղաքապետութիւն - Բիւզանդական եւ միջնադարեան շրջաններ(յունարէն)
  9. «Քիթիրա քաղաքապետութիւն – Դիցաբանութենէն մինչեւ 20-րդ դար(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-31-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  10. Քիթիրա, 20-րդ դար(յունարէն)
  11. Համայունական հակաերկրաշարժային համագումար, 5-7 Նոյ․ 2008, յօդուած թիւ 1997․ 8 Յունուար 2006 երկրաշարժը, Τριαντάφυλλος ΜΑΚΑΡΙΟΣ, Χρήστος ΚΑΡΑΚΩΣΤΑΣ, Θωμάς ΣΑΛΟΝΙΚΙΟΣ, Βασίλης ΛΕΚΙΔΗΣ, Ισσάμ ΣΟΥΣ(յունարէն)
  12. Քիթիրա քաղաքապետութեան պաշտօնական կայքէջ(յունարէն)
  13. Միջպատերազմեան շրջան․ 7 քուէարկութիւնները(յունարէն)
  14. Յունաստանի կրթ․ Նախարարութիւն․ Զ․ դասարանի Պատմութեան գիրք(յունարէն)
  15. «Սուրբ Էլեսա(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-11-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-02 
  16. kythera.gr – Փանաղիա Միրթիտիոթիսա(յունարէն)
  17. Հիդրա կղզիակ, Քիթիրա(յունարէն)

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Միլոփոթամոս գիւղ, Քիթիրա(յունարէն)
  2. Միլոփոթամոս, Քիթիրա(յունարէն)
  3. Կարմրամանիշակագոյն երանգ(անգլերէն)
  4. Տորիանները(ֆր.)
  5. ΕΡΤ – Յունաստանի Պետական հեռասփռման կայան․ Քիթիրա(յունարէն)
  6. ΕΡΤ – Յունաստանի Պետական հեռասփռման կայան․ Յոնիական Կղզիներու բանաստեղծներ․ (յունարէն)
  7. Քիթիրա․ զբօսաշրջիկութեան եօթնալեզու ուղեցոյց(յունարէն)
  8. Փոթամօ, Քիթիրա(յունարէն)
  9. Քիթիրայի Ալեքսանտրոս Օնասիս Պետական Օդակայանը(ֆր.)
  10. Սանտրօ Պոթիչելի(անգլերէն)
  11. Աֆրոտիթիին Ծնունդը(անգլերէն)
  12. Ֆրանցեսքօ Քոլոնա(անգլերէն)
  13. Փոլիֆիլիին Երազը(անգլերէն)
  14. Անթուան Վաթօ(ֆր.)
  15. Քիթիրա նաւամուտքը(ֆր.)
  16. Քիթիրա նաւամուտքը(ֆր.)
  17. Շառլ Պոտլէռ(ֆր.)
  18. Կատակերգակները (վէպ)(անգլերէն)
  19. Մարկարէթ Տրապլ(անգլերէն)
  20. Թէոտօրոս Ակելոփուլոս(ֆր.)
  21. Քիլինկ Ճոք, ռոք նուագախումբ(անգլերէն)
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy