Jump to content

Airbus A380

Airbus A380-ը երկու յարկանի չորս շարժիչով օդանաւ մըն է, որը կ'արտադրուի Airbus ընկերութեան կողմէ։ Առաջին անգամ Airbus A380-ը թռաւ 27 Ապրիլ 2005-ին, Թուլուզ քաղաք։ Մինչեւ, որ այս օդանաւին վերջնական անուն գտնուի, Airbus A380-ը կոչուած էր Airbus A3XX։

Առաջին ընկերությունը, որ Airbus A380-ը գործածած է, Singapore Airlines-ը եղած է, որ 10 հատ A380 ապսպրեց։

Airbus A380-ին մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

A380-ը աշխարհի վրայ ամէնէ մեծ օդանաւն է, որ 73 մեթր երկայնք եւ 24,10 մեթր բարձրութիւն ունի։ Boeing 747-ին տեղը գրաւեց, որ ամէնէ մեծ ճամբորդական օդանաւն էր։

Այս սաւառնակը ունի չորս շարժիչ, որ Engine Alliance-ը կամ Rolls-Royce-ը կը շինեն։ Թռիչքային կշիռը 560 թօն է, դատարկ օդանաւի 280 քաշի պարագային։ Ներկայիս A380-ը նաեւ ամէնէ խոշոր օդանաւն է, եւ աւելի շատ ուղեւորներ փոխադրելու կարողութեամբ օժտուած է, քան Boeing 747-ը, որը 36 տարիներու ընթացքին խոշորագոյնը եղած է։ Այս շատ ծանր օդանաւը ունի քսան անիւ իր ծանրութիւնը շալակելու համար եւ երկու աւելորդ անիւներ, որ առջեւն են։

A380-ին մասերը բոլորը Եւրոպայի մէջ կը շինուին։ Մարմինը կը շինուի Ֆրանսա եւ Գերմանիա, պոչը՝ Սպանիա եւ թեւերը՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։ Ունի նաեւ բեռնատար ձեւատարբերակ մը՝ A380F, մինչեւ 150 թօն բեռները 10 370 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ փոխադրելու կարողութեամբ։

A380-ը խոշոր օդանաւերու շարքին մէջ ամենախնայողականն է, մէկ ուղեւորին վրայ ծախսուող վառելիքի քանակը 100 ք.մ. ճամբու համար կը կազմէ երեք լիդր, որը, Airbus-ին խօսքով[1] 17%-ով պակաս է, քան կը ծախսէ "այսօրուան ամէնէ մէծ օդանաւը" (ամէնայն հաւանականութեամբ նկատի ունեցած են Boeing 747-ը)։ Համապատասխանաբար, պակաս է նաեւ ածխաթթու կազի արտանետումը, որը մէկ ուղեւորին համար կը կազմե 75 կրամ՝ 100 ք.մ. ճամբային համար։ Այս մէկ կարեւոր արդիւնքնին ընկերութիւնը հասած է նաեւ համակցուած նիւթեր օգտագործելով օդանաւի ծանրութիւնը իջեցնելու միջոցաւ։ Ատոր համար լայնօրէն օգտագործած են բարելաւուած ալումինէ համաձուլուածքներ ու նաեւ՝ նոր նիւթեր։ Զորօրինակ, 11 թոն կշիռքով կեդրոնական շարժակայանը 40%-ով ածխածնային ճկազանգուածէն կազմուած է[2], իսկ ֆուզըլաժին վերի եւ կողերու ծածկոյթները GLARE (անգլերէն) բաղադրեալ նիւթերէն շինած են։ Գամերուն թիւը պակասեցուած է ֆուզըլաժին վարի ծածկերու միացումները լէյզըրի եռակցումով ըրած են:

Airbus A380-ին լայնական կտրուածքին վրայ կ'երեւայ նստարաններու դասաւորութիւնը

А380-ին նախամշակելը մօտ տասը տարի տեւած է։ Ամբողջ ծրագիրին արժէքը մօտ 12 միլիար € կազմած է։ Airbus-ը կը հաւատացնէ, որ ընկերութեան ծախսերը հատուցանելու համար անհրաժեշտ է, որ վաճառուի 420 օդանաւ, սակայն, որոշ տեսաբաններու գնահատականներով այս քանակը պէտք է, որ շատ աւելի մէծ ըլլայ։[3].

Airbus A380-ին տեսակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու տեսակ Airbus A380 կայ՝

  • Airbus A380-800-ը, որ ճամբորդական օդանաւ մըն է։
  • Airbus A3800-800F-ը, որ բեռնատար օդանաւ մըն է։

Airbus A380-ի շարժիչները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Airbus A380-ը ունի երկու տեսակ շարժիչ՝

  • Engine Alliance GP7200 շարժիչը, որ ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններ կը շինեն։

General Electric, Patt & Whitney եւ Snecma ընկերութիւնները իրար միացան այս շարժիչը ընելու համար։

  • Rolls-Royce Trent 900 շարժիչը, որ Անգլիա կը շինուի։ Միայն Rolls-Royce-ը այս շարժիչը կը կազմէ, GP7200-ին պէս ուրիշ ընկերութիւններու հետ չաշխատիր։
  • 2010-ին նոյեմբեր 4-ին Qantas ընկերութեան Սինկափուրէն Սիտնի գացող A380 օդանաւի մէկ շարժիչներէն մէկը օդ բարձրանալէն քանի մը վայրկեան ետք աւրուեցաւ։ Օդանաւը վերադարձաւ Սինկափուր եւ կատարեց հարկադիր վայրէջք։ Օդանաւին մէջ եղած 433 ճամբորդներէն եւ անձնակազմին 26 անդամներէն ոչ մէկը տուժած էր։ Նոյեմբեր 5-ին 5 Qantas-ին գլխաւոր Ալէն Ճօյս (Alan Joyce) յայտարարած է, որ շարժիչին հրաժարելու պատճառը կրնայ ըլլայ մշակման փուլին մէջ Rolls-Royce ընկերութեան թոյլ տուած սխալը, կամ ալ հնարաւոր է, որ շարժիչի մասերէն մէկու պատրաստման ժամանակ օգտագործած անորակ նիւթը։
  • 2011 թուականի Ապրիլ 12-ին Air France ընկերութեան օդանաւը, որ կը պատրաստուԷր Նիւ Եորքի Ճօն Քենետի օդակայանԷն թռչիլ, իր թեւը դպաւ Delta Air Lines ընկերութեան CRJ 700 օդանաւի մը պոչին։ Ֆրանսական ընկերութեան օդանաւին մէջ կային 475 ճամբորդներ, Delta Air Lines-ինի մէջ՝ 62 հոգի, անոնցմէ որեւէ մէկը չէր տուժած։

Ծանոթագրություններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy