Jump to content

Գիւղ

Գիւղ՝ Անգլիոյ մէջ

Գիւղ, հարիւրէն մինչեւ հազար բնակչութիւն ունեցող բնակավայր, դաշտավայրերու, երբեմն ալ քաղաքներու մօտ։ Գիւղի բնակիչները կրնան բաղկացած ըլլալ մէկ ցեղէ, տոհմէ կամ ընտանիքէ ինչպէս նաեւ քանի մը տարբեր ընտանիքներէ: Գիւղական տուները սովորաբար կառուցուած կ'ըլլան իրարու մօտ, որուն պատճառը մեծ հաւանականութեամբ համագիւղացիներուն իրարու հանդէպ ունեցած սէրն է: Գիւղական տուները կը յատկանշուին իրենց պարզութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի այս տուները շրջապատող հողատարածքներուն, անոնք կ'օգտագործուին գիւղատնտեսութեան համար։

Ճափոն

Գիւղը գիւղատնտեսական աշխատանքներով զբաղող նստակեաց բնակչութեան բնակութեան վայրն է։ Գիւղատեղիին ընտրութիւնը պայմանաւորուած է ջուրի առկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ինքնապաշտպանութեան, քամիներէն պաշտպանուած ըլլալու, անասուններու պահպանման եւ տնտեսական այլ հանգամանքներով։ Մեծութիւնը կախեալ է անոր դիրքէն:

Բնակչութեան աճը եւ երկրագործութեան զարգացումը նպաստած է գիւղերու ընդարձակման։ Նախնադարեան համայնական հասարակարգի քայքայումը հասած է այն եզրակացութեան, որ գիւղական համայնքի յառաջացման պատճառով, արիւնակցական կապերը իրենց տեղը զիջած են դրացիական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն։

Միջին դարերուն գիւղին մէջ գերիշխած է բնատնտեսութիւնը։ Գիւղաբնակչութիւնը կազմած է երկրի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը։ Տնայնագործութեան հիման վրայ գիւղերուն մէջ յառաջացած են արհեստներն ու առեւտուրը։ Որոշ գիւղեր այս ձեւով վերածուած են քաղաքներու։

Չեխիա

Հայաստանի Գիւղերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին հայկական գիւղերու մասին կը հաղորդէ յոյն մատենագիր Քսենոֆոնը, որուն վկայութեամբ 401-ին, Հայաստանէն անցած յունական զօրքը ճամբան հանդիպած է բազմաթիւ գիւղերու՝ նահապետական կենցաղով եւ գետնափոր բնակարաններով։ Գիւղերը շրջապատուած են հողապատնէշներով, իսկ կարգ մը տուներ ալ ունեցած են աշտարակներ։ Գիւղերը գլխաւորած են վանքերը։ Իւրաքանչիւր գիւղ ունեցած է որոշ հողատարածք։

Մովսէս Խորենացի կը հաստատէ, որ Հայոց Արտաշէս թագաւորը կարգադրած է որոշել գիւղերու սահմանները՝ յատուկ նշաններով (սահմանաքարերով). անոնք իրարմէ բաժնուած են ագարակներով։ Գիւղերը հիմնադրուած են դաշտավայրերուն մէջ, լեռնահովիտներուն, լեռնալանջերուն, նաեւ լեռնակիրճերուն մէջ, նկատի առնելով տնտեսական (հողի բերրիութիւնը, ջուրի մօտիկութիւնը), պաշտպանական եւ այլ գործօններ, որոնցմով յաճախ պայմանաւորուած են հայկական գիւղերուն անունները։ Գիւղերու հողատարածքները որոշ սահմաններ ունեցած են նաեւ միջին դարերուն։ Թ.- ԺԳ. դարերուն տնտեսական զարգացման շնորհիւ ստեղծուած են նոր գիւղեր։ Դաշտավայրային մասերուն մէջ, գիւղերը ունեցած են խիտ բնակչութիւն, ունեցած են շուրջ 400-500 ընտանիք, մինչդեռ լեռնային գիւղերու բնակչութիւնը սակաւաթիւ է։

Գիւղ՝ Մարոքի մէջ

Միջնադարեան Գիւղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարեան որոշ գիւղերու մէջ բնակած են իշխաններ։ Յաճախ անոնց կեդրոնը եղած է աւատապետական ամրոցը։ Բնատնտեսութեան պայմաններուն մէջ գիւղերու միջեւ տնտեսական եւ այլ բնոյթի կապերը թոյլ եղած են։ Հայ եւ օտար մատենագիրները կը հաղորդեն, որ Հայաստան ունեցած է հազարաւոր գիւղեր։

Ժ. դարու արաբ մատենագիր Իպն ալ-Ֆաքիհի վկայութեամբ Արմինիան (Հայքը, Վիրքն ու Աղուանքը) ունեցած է շուրջ 18 հազար գիւղ եւ քաղաք, միայն Արարատեան դաշտին մէջ՝ 1000 բնակավայր։ ԺԲ. դարու հայ մատենագիրներ Սամուէլ Անեցին եւ Մատթէոս Ուռհայեցին կը վկայեն, թէ Վասպուրականի թագաւորութեան շրջանին՝ 1021-ին, եղած է շուրջ 4000, իսկ Ստեփանոս Օրբելեանի (ԺԳ. դար) վկայութեամբ, Սիւնիքի թագաւորութեան շրջանին, ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն՝ 1003 գիւղ։

Գիւղ՝ Նիճերիոյ մէջ

Սելճուքեան, մոնկոլ-թաթարական, պարսկա-թրքական տիրապետութեան շրջանին բազմաթիւ գիւղեր աւերուած են, բնակիչները ստիպուած բարձրացած են լեռները՝ հոն հիմնելով նոր բանակավայրեր։ Երկիրին հարթավայրային մասերուն մէջ հաստատուած են եկուորները։ Այդ երեւոյթը շարունակուած է մինչեւ Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միանալը (1828)։

1915-ին երիտթուրքերու կառավարութիւնը կը բնաջնջէ հազարաւոր հայկական գիւղեր, որուն իբրեւ արդիւնք՝ բազմաթիւ հայկական գիւղերու անուններ կը փոխուին։ Ըստ թրքական «Ենի գիւն» լրագիրին 16 Դեկտեմբեր 1960-ի թիւին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան, թրքական կառավարութիւնը նոյն տարին որոշում ընդունած է, որմով երկիրին արեւելեան չորս վիլայէթներու 2180 բնակավայրերու հին անունները փոխարինուած են թրքականով։

Գիւղ Ֆրանսայի Վերին Ալպերու Փրովանս շրջանին մէջ

Միջնադարեան Գիւղի Նկարագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լանջերուն եւ հովիտներուն մշակելի ու ոռոգելի տարածութիւնները չեն կառուցապատուիր։ Գետնամած, հողածածկ շինութիւններով շատ խիտ ու անկանոն կառուցապատուած գիւղերու պատկերը նախնադարեան ժամանակներէն հասած է մինչեւ մեր օրերը։ Առանձնապէս ցուրտ լեռնային շրջաններուն մէջ՝ Բարձր Հայք, Շիրակ, Գեղարքունիք եւ այլուր, գլխատան բաժանմունքները ձմրան չեն նկատուիր։ Այլ վայրերու մէջ առանձնապէս գեղեցիկ տեսք ստացած են լանջերու վրայ սանդխաձեւ դասաւորուած այն գիւղերը, որոնց գլխատուները սիւնաւոր ծածկոյթ ունեցած են։ Գիւղական լեռնային ճամբաները եղած են ոլորապտոյտ։ Յաճախ անոնք կորսուած են սանդխաձեւ կտուրներու մէջ։ Ճամբաներէն մէկը, սակաւադէպ երկուքը, տարբերած են իրենց լայնքով։

Գիւղ՝ Հնդկաստանի մէջ

Հին բնակարանները իրենց յատակագիծով, ծաւալով, բացուածքներով, ծածկոյթով եւ այլ մանրամասնութիւններով կը տարբերին այսօրուան շինութիւններէն, որոնք այլեւս գետնի մէջ չեն խորացուիր, կառուցուած են իրարմէ հեռու, մեծցած են բակերը, կանոնաւորուած են դարպասներն ու ցանկապատերը եւ կանաչապատուած են գիւղի ներքին տարածութիւնները։ Գիւղերու պատկերը էապես փոխուած է։ Փողոցներն ու ճամբաները դարձած են լայն եւ ուղիղ, անհատական տուները օժտուած են լուսաւոր սենեակներով եւ օժանդակ յարմարութիւններով, շրջապատուած են բարեկարգ հողամասերով, կառուցուած են նաեւ սակաւայարկ ու յարմարաւէտ բնակելի շէնքեր։

  • Քսենոֆոն, Անաբասիս, Երեւան, 1970։
  • Մանանդեան Հ․, Ֆէոտալիզմը Հին Հայաստանի մէջ, Երեւան, 1934։
  • Մնացականեան Ս․ Խ․, Հայաստանի գիւղական բնակավայրերու ճարտարապետութիւնը, Ե․, 1956։
  • Յակոբեան Ս․, Հայ գիւղացութեան պատմութիւն, հ․ 1-2, Ե․, 1957-1964։
  • Պապուխեան Ն․ Ծ․, Սիւնիքի ժողովրդական ճարտարապետութիւնը, Ե․, 1972։
  • Ամիրեան Ս․ Ս․ «Փոփոխութիւններ սովետական հասարակութեան սոցիալական կառուցուածքի մէջ», Ե․, 1973։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy