Jump to content

Կով

Կով
Կով
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորդաւորներ
Ենթատիպ Ողնաշարաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Ինֆրադաս Eutheria
Կարգ Միասմբակաւորներ
Ենթակարգ Որոճացողներ
Ընտանիք Bovidae
Ենթաընտանիք Ցուլեր
Ցեղ Իրական ցուլեր
Տեսակ Վայրի ցուլ
Ենթատեսակ Ընտանի ցուլ
Լատիներէն անուանում
Bos taurus taurus
Արեալ
պատկեր
Կովերու տարածուածութիւնը


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Կով, միասմբակաւոր որոճողներու ընտանիքին պատկանող վայրի ցուլի ենթատեսակ, ընտանի ցուլի (լատ.՝ Bos taurus taurus) էգ առանձնեակ, գիւղատնտեսական անասուն: Կը բազմացնեն իբրեւ կաթնատու անասուն, ինչպէս նաեւ անոր միսը կ'օգտագործուի իբրեւ սնունդ, իսկ կաշին ունի զանազան գործածութիւններ։ Այս տեսակի արուները կը կոչուին ցուլեր։ Կովերը ընտելացած են մարդուն կողմէ, մօտաւորապէս 10.500 տարի առաջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Միջագետքի մէջ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Հնդկաստանի, կովերը կը համարուին սուրբ անասուններ:

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանի կովը յառաջացած է վայրի ցուլէն, որ ընտելացած է շուրջ 8 հազար տարի առաջ։ Անիկա մարդուն ընտանի առաջին անասուններէն է։ Հնագոյն վաչկատուն ցեղերը կովերու եւ ցուլերու նախիրներ կը պահէին միայն միսի ու կաշիի արտադրութեան համար։ Աւելի ուշ, նստակեցութեան անցնելէն ետք, մարդիկ կը սկսին ուժեղ անասունները լծել գութանին եւ անոնցմով բեռներ փոխադրել։ Հնադարեան մարդուն համար կովն ու ցուլը այնքան մեծ նշանակութիւն ունեցած են, որ մեծ թիւով ժողովուրդներ զանոնք աստուածացուցած են։ Իսկ կովէն կաթ ստացած են աւելի քան 2800 տարի առաջ։ Ապագային կաթէն սկսած են պատրաստել կարագ, պանիր, մածուն եւ այլ կաթնամթերք: Կովերու կեանքին տեւողութիւնը շուրջ 20 (երբեմն՝ 35) տարի է։ Կովերը միապտուղ են (հազուադէպ բացառութիւններով)։ Կովերու տարեկան միջին կաթնատուութիւնը 3500-4000 քկ է, լաւագոյն տնտեսութիւններուն մէջ՝ մինչեւ 6000 քկ, ամէնաշատը՝ 20 հազար քկ (հոլանտական կովեր)։ Կովերու ցեղերը բազմաթիւ են։ Յաճախ զանոնք կ'անուանեն այդ տեղին անունով, ուր բուծուած են։ Իւրաքանչիւր ցեղ յարմարած է իր «ծննդավայրին արօտավայրի եւ բնակլիմայական պայմաններուն»։ Ամէն ցեղ ունի իր առաւելութիւններն ու թերութիւնները։ Որպէսզի կովը շատ կաթ տայ, անհրաժեշտ է զինք ճիշդ ձեւով խնամել եւ լաւ կերակրել։ Ուստի, անասնապահը պէտք է շատ հմուտ եւ ուշադիր ըլլայ։ ՀՀ-ի մէջ բուծուած է կովկասեան գորշ կովու ցեղը, որու տարեկան միջին կաթի արտադրութիւնը 1700-3000 քկ է։ Այս անասունը ունի իր առաւելութիւններն ու թերութիւնները։

Ծագման եւ ընտելացման պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանի կովերու նախնին եղած է վայրի ցուլը, աւելի ճիշդ անոր վայրի բնութեան մէջ արդէն ոչնչացած ենթատեսակը՝ տուրը (Bos primigenius)։ Մեծ եղջերաւոր անասունները, յատկապէս կովերը մեծ դեր ունեցած են մարդկութեան պատմութեան մեջ։ Ընտելացումը սկսած է վաղ նեոլիթի մէջ, շուրջ 8500 տարի առաջ, ապա ընտելացած են նաեւ այծերը, ոչխարները եւ խոզերը։ Ընտելացումը սկսած է Ալթայ (Ռուսիա) -Հնդկաստան-Իրան եռանկիւնին մէջ։

Ցուլերը ընտրուած են Միջին Ասիոյ մէջ, իսկ զեպուները՝ (սապատաւոր եզ) Էնտոնիսիոյ տարածքին մէջ։ 1994-ին անցուցած ծինային հետազօտութիւնները կը վկայեն, թէ ճիշդ է ժամանակին տարածուած այն կարծիքը, թէ կովերը չեն սերած մէկ ընտանիքէ[1][2]։

Ժամանակակից ծննդաբանական հետազօտութիւնները հիմք կու տան ենթադրելու, որ բոլոր ժամանակակից կովերը ծագած են 80 վայրի ցուլերէ, որոնք ընտելացած են Միջագետքի վերին գետերու շրջակայքի գիւղերուն մէջ՝ շուրջ 10.500 տարի առաջ (այժմ Թուրքիոյ տարածքին հարաւ-արեւելքը, Իրաքի հիւսիսը)[3]։ Զանոնք կը բազմացնէին միսի, կաթի եւ կաշիի արտադրութեան համար։ Բացի ատկէ, այդ անասունները կ'օգտագործէին իբրեւ ծանրութիւն կրող ուժ։ Ժամանակին կովերը եղած են հարստութեան չափանիշներէն մէկը, իսկ նախիրի գողութիւնը՝ գողութեան ամենահին ձեւերէն մէկը։

Վայրի եւ ընտելացած մեծ եղջերաւոր անասունները կ'օգտագործէին միայն միսի արտադրութեան համար, սակայն գիւղատնտեսութեան զարգացման առընթեր, զանոնք կը սկսին օգտագործել նաեւ իբրեւ աշխատուժ։ Հարիւրամեակներու ընթացքին եզները ծառայած են իբրեւ ծանր աշխատանք կատարողներ եւ մինչ օրս ալ անոնք շատ երկիրներու մէջ կ'օգտագործեն։

Կովու ծննդաբերութիւն

Նախ ընտելացուցած են մեծ եղջերաւոր անասուններու մեծ նախիր մը, որ տարածուած էր հարաւ-Արեւմտեան Ասիայէն եւ Պալքանեան թերակղզիէն դէպի Ափրիկէ (շուրջ 7000 տարի առաջ) եւ Կենդրոնական Եւրոպա (շուրջ 5000 տարի առաջ)։ Առաջին կարճ եղջիւրաւոր մեծաքանակ նախիրը մօտաւորապէս նոյնքան հին է. յայտնաբերուած են ոսկորներ, որոնք 7000 տարեկան են։

Կարճ եղջիւրաւոր անասունները Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ստացած են կելտական կամ իպերական կով անուանումները։ Անոնք տարածուած են Արեւմտեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ եւ եւրոպական ցամաքամասի մնացեալ հատուածին մէջ։ Արդի եւրոպական եւ ամերիկեան կաթնատու եւ կաթնա-մսատու տեսակները ճիշդ այդ կելտական կովու հետեւորդներն են:

Կովու պաշտամունք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնդկաստանի մէջ հնագոյն ժամանակներէն կովը համարուած է սուրբ կենդանի, որ մարմնաւորած է Ադիտի մեծ մայրը եւ հողը, երբեմն նոյնիսկ ամբողջ Տիեզերքը։ Հնդկական ուսմունքը կովերը կը կապէ այգաբացի եւ արեւու հետ՝ զանոնք կոչելով մայրեր, որոնք կ'իշխեն աշխարհի եռակի բնութեան վրայ։ Կովը կը պաշտպանէ տիեզերային օրէնքներով եւ անձամբ Վիշնայով (Աստուծոյ բարձրագոյն անձնաւորումը), կը համարուի, որ կովը սպաննողը ապագային դժոխք կ'իյնայ. «Կովը սպաննողներուն վիճակուած է փտիլ Դժոխքի մէջ այնքան տարի, որքան մազ կար այդ կովուն մարմինին մէջ»։

Տարբեր ժողովուրդներու դիցաբանութիւններուն մէջ կովը տիեզերական գործառոյթ ունի՝ եգիպտացիներուն քով Նուտ երկնային կովէն ծնունդ առած է երկինքը եւ մարմնաւորած է Երկնային ովկիանոսը։ Մեմֆիսի մէջ անիկա ներկայացած է, իբրեւ բացասական ուժի խորհրդանիշ, Վեներա աստուածուհիի մարմնաւորում։ Կովուն կ'ուղեկցի հանրաճանաչ Կադմը պայծառատեսի խորհուրդով՝ դէպի այն վայրը, ուր կը հիմնուէր Թեբեն։

Յղի կովը համարուած է կենսատու եւ սնուցող կեանքի կանացի խորհրդանիշը, իսկ ցուլին հետ միասին անոնք կը ներկայացնեն աստուածայինի խորհրդանիշը՝ կանացի եւ տղամարդկային, որ կեանք կը պարգեւէ եւ կը սնուցանէ։ Օրինակ՝ Հին Յունաստանի մէջ կովը յաճախ կը ներկայացնէին կուրծքը ծծող հորթին հետ միասին, որ կը նշանակէ աստուածային ուժի բազմապատիկը՝ ինքզինք սնուցանող։

Կովու սրբութիւնը Հնդկաստանի մէջ այնքան յայտնի է, որ նոյնիսկ գոյություն ունի «Սրբազան կով» արտայայտութիւնը՝ անձեռնմխելի, սուրբ բան մը, զոր անհրաժեշտ է պահել ու պահպանել ոեւէ ոտնձգութիւններէն։ Օրինակ՝ մարդու համար «սրբազան կով» կրնայ ըլլալ գիտութիւնը, որուն ան կը հաւատայ եւ որուն համար ան ջանք ու եռանդ չի խնայեր, կամ կրօնը, որուն ան կը դաւանի։

Ցեղատեսակներու յառաջացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաւանաբար գիտակցական ընտրութեան առաջին փորձերը կատարուած են հին Հռոմի մէջ։ Քանի մը դար ետք մեծ եղջերաւոր անասուններու բարելաւման օճախներ կը զարգանան Անգլիոյ, Հոլանտայի, Ֆրանսայի եւ Շուէտի մէջ։ Հիմնուելով տեղական հօտերու ժառանգական յատկութիւններուն վրայ՝ անասնաբոյծները կը բուծանեն մեծ եղջերաւոր անասուններ՝ օժտուած այս կամ այն յատկանիշներով։ Ճիշդ այսպէս յառաջացման անասուններու առաջին ցեղատեսակները, այսինքն՝ արհեստական ընտրութեան արդիւնքին ձեւաւորուած ծննդաբանականօրէն կայուն տարատեսակները։ Աշխարհի մէջ կայ կովերու աւելի քան 1080, զեպուներու՝ 121 եւ 29 խառնածին ծագում ունեցող ցեղատեսակներ։ Սովորաբար մսատու ցեղատեսակները աւելի քիչ խնամք կը պահանջեն, քան կաթնատու ցեղերը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. membrana.ru Archived 2010-07-15 at the Wayback Machine. Կովու ծննդաբանութիւնը թոյլ կու տայ արագացնել գիւղատնտեսութեան զարգացումը
  2. Կովու ծննդաբանական բացայայտման ընդառաջ[permanent dead link]
  3. Bollongino, Ruth & al. Modern Taurine Cattle descended from small number of Near-Eastern founders // Molecular Biology and Evolution. — 7 Mar 2012..
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy